Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հողը երիտասարդ կը դառնայ եւ բազմածին պտուղներ յառաջ կըբերէ: Մարդ կը զարմանայ, երբ կը լսեմք թէ Ամերիկայի հեռաւոր աշխարհրն նաւերով աղբ կը փոխադրուի յԵւրոպայ։ Կը տեսնա՞ս դու, այդ մեր աչքին անարդեալ աղբն եւս վաճառականութեան կարգն անցած է, զի երկրագործին համար շատ պիտանի եւ թանկագին է աղբ, քան թէ ադամանդ, որ թէպէտ այդ պատուական քարն աղնուականաց համար մեծ վայելչութիւն է, սակայն երբ սովալլուկ լինի մարդ ադամանդ կը ծախէ եւ հաց կը ճարէ։

Աւա՜ղ կարդամ մեր ծուլութեան, եւ առաւել մեր ապշութեան, Թոռնի՛կ, մեր աղբ Ամերիկայէն չի դար, այլ մեր տան դռներու առաջ դիզուած է լեռնաչափ, եւ մեք անձմեռ լինելով կը դժուարիմք մինչեւ արտ փոխադրել: Ոչ միայն պէտք էր մտածէինք մեր արտերու պտղաբերութեան համար, այլ եւ պէտք է խորհէինք գիւղի հրապարակին եւ փողոցներու մաքրութեան համար։

Է՜, Թոռնիկ, կարծեմ քիչ մի աւելի խօսեցայ եւ դատեցի, միթէ շինական ժողովուրդ առանց կրիութեան կարող է մաքրութեան գաղափար եւ ճաշակ ունենալ։ Արդարութիւն չէ առանց կրթութեան մեղադրել գիւղական ժողովուրդ, որ թող տգիտութիւն, կեանքի բազմադիմի ցաւերով պաշարուած է, մի կողմէն եւս խոր նախապաշարմունք կաշկանդեր կապեր է նորա բնական միտք։ Եթէ ասես, աղբէր Կիրակոս, ձեր դրան առաջ այնչափ աղբեր դիզուած են, ինչո՞ւ չես կրեր թափեր արտերուդ մէջ։ Է՜, կը պատասխանէ, էդ մի աւելի աշխատութիւն է, ինձ համար տարին քանի մի արտ պէտք է, կը վարեմ, կը ցանեմ մնացեալները կը թողում կորդ թող երթան ինքնին ուժովնան, մեր նախնիք առանց աղբի կը մշակէին, միթէ հաց չէի՞ն վաստըկեր, վկայ կը բերեմ բանիս բոլոր յաւիտենական մոխրակոյտեր, որ ի նախնեաց անտի դիզուած են, հօ մենք չը դիզեցինք։ Ահա քեզ շինականի փաստաբանութիւն, այնպէս մտածելով ու խօսելով՝ նա կմնայ անշարժ իւր մտաց պաշարման մէջ, եւ մոխրակոյտն եւս իւր տեղ կը մնայ։ Դեռ սպասել պէտք է ուրեմն ժամանակին եւ կրթութեան որ գան եւ շարժեն շինական ժողովուրդին միտքը դէպ յառաջդիմութիւն, նա յայնժամ ինքնին կը ճանշնայ աղբին պիտանութիւն, եւ այժմեան գիւղի աղբակոյտերը՝ բոլոր պիտի կրեն տանին թափեն իրենց արտե-