Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/72

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րու մէջ, կռուելով եւ յափշտակելով իրարու ձեռքէն։ Բաւ է, որ նորա արդիւնաբերութիւն միանգամ փորձով տեսնան, եւ համոզուին թէ որչափ շահեկան է աղբն արտին համար։ Այժմ պէտք է խօսիմ աղբին պատրաստութեան մասին, թէ ինչպէս պէտք է ժողվել եւ պատրաստել զայն, որ առաւել օգտակար լինի։

Եթէ գիւղին մէջ իւրաքանչիւր տնէն գոյացած աղբեր հասած տեղ թափուելով մնան այնպէս, ինչպէս այժմ եւ լինին մէկ մէկ հողաբլուր, ոչինչ օգուտ չունին. նախ՝ որ արեւուն ջերմութիւն աղբերուն հիւթական զօրութիւն կը քաշէ, երկրորդ, տեղատարափ անձրեւներ գալով կողողէ աղբանոցը եւ անոնց մէջ եղած հիւթն եւ զօրութիւն կառնու կը տանէ, այլ եւս աղբակոյտն ցամքելով իւր հիւթական զօրութենէն, անպիտան եւ անշահեկան կը դառնայ։ Ուստի գիւղացւոց իւրաքանչիւր տներ, պէտք է առանձին առանձին իրենց համար յատուկ աղբանոցներ պատրաստեն ուր որ յարմար, նախապէս գիտնալով թէ որչափ աղբ կը գոյանայ տարուան մէջ, նոյն քանակութեան համեմատ երկար քառակուսի փոսեր պէտք է բանան, գոնէ երկու երկու կանգուն խորութեամբ, այնպէս որ եթէ անձրեւի, եւ թէ հալած ձիւներուն ջրերը երբէք աղբանոցի փոսերէն դուրս չր վազեն: Կարեւոր է գիտնալ նաեւ թէ աղբանոցի մէջ թափուելիք նիւթեր ի՛նչ են, եւ ո՞րչափ զանազան բաներէ կը բաղկանայ աղբ: Թոնրի մոխիր, կոյանոցներու աւելորդը, փտտած յարդեր եւ խոտեր, տան աւելցուքներ, կալատեղէն վերցած խոշոր խզուզի բարդեր, որ անասուն չուտեր, մսուրներու մէջի կրճոն աւելցուք եւ այլն։ Ահա այս ամէն բաներ աղբանոցին համար նիւթ կը լինին, մոռցայ յիշելու աւրուած պուտկի ժաժիկներ, եւ նման բաներ, որք առհասարակ աղբանոցին նիւթ կը կազմեն, որք մէկ տեղ խառնուելով կը փտտին, կը խմորին եւ կը թթուին, մի զօրաւոր նիւթ կը դառնան երկրին պարարտութեան համար։

Խօսիմ արդ, թէ ինչ ժամանակ յարմար է արտերն աղբել։ Թէ սկիզբն գարնան եւ թէ աշնան վերջ ճիշդ ժամանակն է. բանջարեղինաց պարտէզներ սովորաբար գարնան ցանելու ժամանակ կաղբեն, նմանապէս գարնանացան սերմերու արտեր թէ ցորեն լինի, թէ գարի եւ կամ ուրիշ հնգեղէն բաներ։ Բայց աւելի լաւագոյն եւ օգտակար է աշնան ժամանակ աղբել այն արտերը, որոնք աշնան հերկուած են, եւ գարնան դարձեալ հարօրավար պիտի լինին ցանելու համար, գիտե՞ս, Թոռնիկ, եւ ես