Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խադարձաբար ինքն եւս կերթար անոնց արտը կը քաղէր, եւ այսպէս իրարու օգնելով համաշխատ կերպով, բովանդակ գիւղացւոց արտերը ամբողջապես կը քաղուէին, թէպէտ այս գեղեցիկ սովորութիւն այժմ շատ նուազած է, աստի յայտնի է, որ ընկերական ոգւոյ եռանդն եւս պակսած է։

Աշխատիր, Թոռնիկ, որ դու քո արտ քո ձեռքով քաղես, ուրիշի օգնութեան չը կարօտիս։ Սորա համար ես քեզ մի առակ խօսիմ, որ շատ տեղ գրուած է։ Արտուտիկ թռչուն մի կայ որ բնականէն խելացի եւ տնտես է, իւր բոյն արտերուն մէջ կը դնէ, ուր որ կուտ ու հատիկներ պակաս չեն։ Սա իւր ձագերուն ապագայ վտանգ գիտնալով առաջուց խրատ կուտայ, որ մտիկ անեն ձագեր եւ պատմեն իրեն, երբ արտին տէր հնձելու ժամանակ մօտենալով կուգայ տեսնել թէ արտ հասած է։ Առաջին անգամ գալով կասէ, տղաս, արտ հասնելու մօտ է, գնա խօսիր մեր բարեկամաց թող մեզի յօգն գան արտը քաղենք: Մտադիր ձագեր այս բան կը պատմեն իրենց մօր. մայր կասէ, անհոգ եղիք ձագեր, քանի որ տանուտէր բարեկամաց պիտի սպասէ, արտ չի քաղուիր։ Միւս անգամ կուգայ հնձոց տէր կտեսնայ որ արտ հասեր է բոլորովին, կասէ, տղաս բարեկամներ չեկան գոնէ մեր դրացիներուն լուր տուր թող գան օգնեն մեզ փոխադարձաբար, ի՞նչ կը լինի, մեք էլ կերթանք անոնց կօգնենք, ուշիմ ձագերն այս խօսքեը կը պատմեն իրենց մօրը։ Մայր դարձեալ նոյն բան կասէ, ապահով եղիք ձագերս արտ չի քաղուեր քանի որ բարեկամներու օգնութեան մնացեր է բանը։ Երրորդ անգամ կուգայ տանուտէր կը տեսնայ որ հնձելու ժամանակ անցե՜ր եւ ցորենաբոյսեր չորցեր ու կծղեր են՝ ո՜հ, կասէ տղաս, խաբուեցանք, այլ եւս ոչ բարեկամներէն յոյս կայ եւ ոչ դրացիներէն, գնա շուտով առ բեր մանգաղներ մեք մեր արտ քաղենք։ Այժմ կը հաւատամ ձագերս, որ արտ պիտի քաղուի, ելէք զձեզ փոխադրեմ ուրիշ տեղ։

Այս առակ թող քեզ խրատ լինի, Թոռնիկ, երբէք մտքէդ չը հանես եւ յուսախաբ չը լինես, ժիր երկրագործ իւր վարած ցանած արտը պէտք է իւր ձեռքով քաղէ, վասն զի գուցէ օգնող դրացւոյն արտը քո արտին հետ հասնի ի հունձ, միթէ կարելի է, որ նա թողու իւր հունձքը եւ գայ քո արտը հնձէ։ Աշխատիր որ հնձոց ժամանակ չանցնի, որով թէ դժուարաւ կը քաղուին եւ թէ հասկեր թափուելով մեծ վնաս կը լինի։