Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/84

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձեռք, որ ծանրացած է երկրագործ պարտապան Ժողովուրդին վերայ։

Արդէն քանի տարիներ յառաջ տէրութեան հոգածութիւն դարձաւ այս բանին վերայ: Ուստի գաւառագլուխ քաղաքներու մէջ փոխատուութեան սնտուկներ հաստատել տուաւ խիստ չափաւոր տոկոսով։ Որպէս զի երկրագործ ժողովուրդ թողլով վաշխառուներ, փոխատուութեան կեդրոնին դիմէ։ Միայն թէ այդ սնտուկներ բաւական պիտի լինի՞ն այն ահագին անհաշիւ բարդուած գումարներուն դէմ, որ այսօր բեռնաւորուած է Տէրութեան երկրին ընդհանուր ժողովոլրդին թիկանց վերայ։ Կալն ու շտեմարան առիթ տուին ինձ, Թոռնիկ, այսքան միայն հարեւանցի կերպով խօսեցայ եւ բաւ է, թողունք այս խնդիրը մեծ տնտեսագէտներուն, թող մեծ մեծ հատոր գրքեր շարադրեն երկրին տնտեսութեան մասին, որ երկրին բարգաւաճման կեանքն է, զի հացով կապրի Տէրութիւն եւ տէրութեան հպատակ համայն ժողովուրդ։


ԺԴ.

ՁՄԵՌՆ

ԵԻ ԱՆԱՍՆՈՑ ԴԱՐՄԱՆ

Երբ կը վերջանան կալեր, աշուն կերթայ, ձմեռը կուգայ, ձիւներ կը պատեն մեր դաշտեր ու լեռներ. այնուհետեւ կը դադրին մշակութեան դաշտային գործեր, բոլոր անասուններ ախոռներու մէջ կը կապուին մսուրներու առաջ երբեմն երեք ամիս, եւ երբեմն մինչեւ չորս ամիս եւ աւելի եւս այնպէս կապուած կը մնան եւ պէտք է դարմանեմք զիրենք յարդով ու խոտով, որ իրենց աշխատութեան դուզնաքեայ բաժինն է, իսկ պատուական մասն մեզ կը մնայ, ցորեան, կաթ, մածուն, պաբիր, իւղ եւ այլն։

Բայց գիտե՜ս, Թոռնիկ, ձմեռը նախապէս լեռներուն գլուխներէն կսկսի, մի առտուն երբ վեր կելլեմք կը տեսնամք,