Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/86

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծէ. եւ իրաւունք ունի, զի մարդ իւր կեանքի չափով կը չափէ ամէն բան։

Թողանք ախոռ, Թոռնիկ, խօսենք անասնոց դարմանին վերայ, եւ թէ գիտես, մեր խեղճ անասնոց դարման՝ չոր յարդն է, խոտ միայն ոչխարներուն կը պահեն, թերեւս երբեմն գարնան մօտ գոմէշներուն եւ եզներուն առանձին՝ օրը միանգամ խոտ տան։ Իսկ մատակ դոմէշներ, կաթնատու եւ յղի կովեր, հորթեր արժանի չեն խոտ ուտելու, ահա քեզ մի զրկանք. կովերն, որ կաթ եւ իւղ կուտան մարդոց սնունդին համար, հորթեր կուտան, որ եզ կը լինին երկրագործին համար, ոչինչ նշանակութիւն ունին մեր Վանայ գիւղացւոց մօտ. գուցէ ուրիշ գաւառի գիւղացիք այսպէս չեն վարուեր։ Ղու տեսեր ես, Թոռնիկ, գարնան ժամանակ մեր զրկեալ կովեր այն վիճակին կը հասնին, որ չեն կարող նստած տեղերէն վեր կենալ այլ պոչերէն բռնելով վեր կը հանեն, յղի կովեր շատ անգամ ծնելու ժամանակ դժուարածին կը լինին։ Դու տեսնաս այն ժամանակ տանտիկին խղճմտանքի կուգայ եւ մի ամանով լակ պատրաստելով կը բերէ ծննդաբեր կովուն։ Ստոյգ է որ կիներ աւելի կուզեն շահել ու դարմանել կովերը, որպէս զի աւելի կաթ առնեն, մածուն շինեն, թանապուր եփեն, որ գիւղական կերակուրն է: Խեղճ կովեր ի՞նչ կուտեն որ կաթ տան. չոր յարդ ուտելով միայն կարո՞ղ են կաթ տալ։ Մի սակառ յարդ մի քաշ կաթի հիւթը հազիւ ունի, եւ այս փորձած են վերլուծելով բնագէտ երկրագործը։

Կարդն եկաւ, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, ես լսած եմ որ Եւրոպիոյ երկրագործներ յարդ չեն կերցուներ տաւարներուն, այլ աւելի խոտ եւ ուրիշ բուսական բաներ։ Հնարամիտ փորձերով այնպիսի գիւտեր գտած են անասուններ գիրցնելու համար, մարդ երբ լսէ կը զարմանայ եւ չի հաւատար, թէ մի եզ կամ կով մինչեւ եօթանասուն ութսուն լիտր կշռէ, այն ինչ մեր գերցած եզներ եւ կովեր շատ շատ հազիւ քսան կամ քսան հինդ քաշ կաթ կուտայ, դու մտածէ, թէ ինչ կուտեն, եւ օրը որչա՞փ քանակութեամբ բան կուտեն, ուրկից քսան քաշ միայն կաթի հիւթ կը գոյանայ։ Զարմանալին այն է, որ այդ կովեր թէ ամառ թէ ձմեռ ախոռին մէջ կապուած կը դարմանուին, կը թուի թէ այդ աշխարհ ամբողջ մշակուած երկիր է արօտավայրեր չիկան։ Է՜, Թոռնիկ, ուրեմն մեր անասուններ գոնէ ամարան շատ եր—