Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հասնին, եւ ամէն տարի ետեւէ ետեւ ծնելով որչա՞փ կը բազմանան նոյնչափ շահն եւս կը բազմապատկի։ Ստոյգ է որ առջի տարիներ այնչափ մեծ շահ ցոյց չիտար այս փոքր դրամագլուխ, բայց այնպիսի ինքնաճուն դրամագլուխ մի է որ երթալով կաճի, եւ քանի աճի իւր շահ կը բազմապատկէ։ Չկայ բնաւ աշխարհիս վերայ ուրիշ կերպ շահավաճառութեան այնպիսի շահ, որ հաւասարի տաւարաբուծութեան շահուն: Օրինակ եւ ապացոյց կուզե՞ս, Թոռնիկ, տես մեր դրացի քիւրդեր, որ քան զմեզ սրամիտ են այսմ մասին, եւ աւելի անասնապահութեան ոյժ կուտան քան սոսկ հողագործութեան, զի փորձով հասկցած են անոր արդիւնք։ Տես հազարներով ոչխար կը պահեն, հարիւրներով սեւատաւար, բաղմաթիւ ելխի ըսուած ձիեր եւ այլն։ Մեք կը տեսնամք, ոչ կզգամք եւ ոչ կը հաշուենք թէ կարգ մի ցեղապետ քիւրդերուն հարստութիւն՝ անասնապահութեան երեսէն է։ Ասա, Թոռնիկ, նոքա հովասուն ընդարձակ արօտատեղեր ունին, պատեութիւն ունին եւ ի ստիպել հարկին կարող են պաշտպանել իրենց անասուններ թշնամի հրոսակներէն, այո՛, Թոռնիկ, այդ եւս մի կարեւոր դիտողութիւն է, բայց ես կը խօսիմ սկզբունքի վերայ միայն, թէ անասնոց բուրդ աւելի շահաւոր է։ Այդ ձեր ներկայի դիտողութիւն գուցէ այսօր կայ եւ վաղը կը վերջանայ. զի ժամանակ կերթայ եւ ժամանակ կուգայ, եւ կը բերէ իւր հետ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն շնորհիւ մեր աշխարհաշէն տէրութեան։

Է՜, Թոռնիկ, այս դասը շատ երկար եղաւ, եւ շատ տեղեր որոշ նիւթեր իրար խառնուեցան, այժմ պիտի խօսիմ քեզ ոչխարի շահաբերութեան եւ դարմանի վերայ։


ԺԵ.

ՈՉԽԱՐ

ԵԻ ԻԻՐ ԱՄԵՆԱՇԱՏ ԱՐԴԻԻՆՔ

Աշխարհի բոլոր ընտանի կենդանեաց տեսակին մէջ, ամենէն շահաւոր կենդանին ոչխարն է, որ մի տարուան շրջանին