Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ու ան խելօք շարժումով մը կը մարէ լոյսը, մինչ անձրեւին ձայնը կը լեցնէ սենեակին լռութիւնը։

29 Յունուար, կէսգիշերին

Սարունին այս յետմիջօրէին եկած էր զիս տեսնելու։ Իրիկուայ պտոյտէ վերադարձիս զայն գտայ հիւրասրահը՝ մայրիկիս հետ։ Տրամադրութիւնս լաւ էր։ Ձեռքս երկարեցի իրեն ու ժպտեցայ։ Նայուածքս քաջալերեց զինքը, եւ իր աչքերը սկսան փայլիլ ուրախութեամբ։

Միատեղ նստանք պատշգամբ։ Գաղջ ու հաճելի արեգակ մը կ’իյնար բարութեամբ մեր մերկացած ծառերուն վրայ։ Հովը կը խաղար իր սեւ ու փայլուն մազերուն հետ, մինչ ան կը խօսէր կրքով գերմանացի բանաստեղծի մը մասին։ Մէջընդմէջ կ’արտասանէր հատուկտոր տողեր՝ իր մտքերը զարգացնելու համար։ Ձայնը զօրաւոր էր ու խռովիչ։ Ամբողջ իր մարմինէն կ’արտահոսէր դիւթական ու արտասովոր գեղեցկութիւն մը։ Մնացինք այդպէս երկար ժամանակ։

Ես կռթնած էի պատշգամի բազրիքին ու կը խաղայի ճենողկուզակի[1] մերկացած ճիւղերուն հետ։ Քաղաքապետարանի ժամացոյցը վեցը զարկաւ։ Մութը տեղաւորուած էր մեր պարտէզին վրայ եւ հեռուն, ու դեռ Սարունին կը խօսէր իր ծանր ու տրտում ձայնով։ Կը խօսէր սիրոյ, գեղեցկութեան ու արուեստի մասին, եւ իր բառերը իմ մտածումիս մէջ հետզհետէ կընդլայնէին ու կը նեղէին զիս։ Կը պատմէր անքուն անցուցած գիշերներու մասին ու երազներու։ Յուզումը հետզհետէ աւելի կը գեղեցկացնէր իր դէմքը, ու ձայնը կը թրթռար։

Բայց ես տխրօրէն կը մտածէի Սուրէնի մասին, ու մարմինս կը դողար կարօտով ու սիրով։ Կը զգայի, որ կը տժգունիմ ու կրնամ խենթ ու վտանգաւոր բաներ ընել։ Դանդաղօրէն բացի դուռը ու մտայ սենեակ եւ սկսայ նուագել Լիսթի մէկ սօնատը։ Մատներս կը դողդոջէին ստեղանիներուն վրայ, ու նօթերը կը թրթռային օդին մէջ։ Ինծի կը թուէր, թէ ան պիտի մօտենայ եւ սիրոյ խռովիչ ու զարմանալի բառեր ըսէ։ Յամառօրէն ու առանց ձայնի կը քակէ մազերս ու կը փռէ ուսերուս։ Յետոյ շատ բարութեամբ կը գրկէ զիս, ինչպէս մանկիկ մը, մինչ ես կ’արտասանեմ իր անունը եւ կ’արտասուեմ հեծկլտագին, բայց երջանիկ։ Կը դնէ զիս անկողնիս վրայ ու լոյսը կը փակէ, մինչ ես կը հծծեմ՝ Սուրէ՛ն, Սուրէ՛ն...

Սարունին ներս եկաւ դանդաղ քայլերով եւ արմուկով կռթնեցաւ դաշնակին։ Ես դեռ կը նուագէի, բայց մարմինս հետզհետէ կը նեղուէր իր ներկայութեամբը։ Ամբողջ սենեակը ինծի կը թուէր թէ հարուստ է ուրիշ ներկայութեամբ մը...

Սարունին կը նայէր հիմա ծանր ու անբացատրելի նայուածքով։ Իր աչքերը այնպէս անհանգիստ էին, անձկալի ու մառախլապատ, որ վախի անորոշ զգայնութիւն մը ստիպեց, որ աչքերս կախեմ գետին։ Կ’ուզէի բարձրանալ աթոռակէս ու պատրուակով մը զգացնել իրեն, որ մեկնի, բայց չէի կրնար, ու մատներս անզգայաբար կը սահէին ստեղանիներուն վրայէն, եւ ան կը նայէր ինծի դեռ իր անորոշ ու ծանր նայուածքով։ Յուզումը հետզհետէ կը մեծնար մարմինէս ներս, ու յանկարծ զգացի, որ կը շփոթիմ։ Մեր աչքերը հանդիպեցան իրարու։ Ու ես զգացի, որ անոր նայուածքը յղի էր անակնկալներով։ Սպառած ու տառապագին ձայնով ան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ առանց նայուածքը հեռացնելու։ Յանկարծ իր աչքերը շողացին, ու արագ շարժումով մը, առանց որ առիթ ունենայի պոռալու կամ ընդդիմութիւն փորձելու, իր ուժեղ բազուկներով գրկեց զիս։

  1. ճենողկուզակ − թիթեռնածաղկաւորների ընտանիքին պատկանող ծաղկաբոյս, քաղցրուենի