Էջ:The First Love.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մայր, իբր բարեկամուհիներուն էն յարդուածը և սիրուածը, իբր ինչ որ ինք ուզէր վերջապէս, համակրութիւնս յայտնելով իրեն: Բայց ինչպէ՞ս»:

«Անկարելի է կ’ըսէի ինքնիրենս ու կըջանայի մտքէս ի սպառ վանել այդ գաղափարը, անկարելիին զօրութեամբ»:

«Անօգո՜ւտ սակայն, կը տառապէի, ատիկա չէի ուզեր ինքզինքիս խոստովանիլ, սակայն կը տառապէի…»

Զ.

«Այսպէս անցան երկրորդ և երրորդ տարիներն ալ՝ միայն թէ՝ իր բարութիւնը՝ կամայ ակամայ՝ վերջապէս մասամբ գոնէ, յայտնուող յարգանքիս ու համարձակութեանս փոխարէն՝ թոյլ տուած էր ինծի հետզհետէ աւելի մոտենալու իրեն»:

«Մանկապարտէզին մէջ փոքրիկ ծառայութեան մը համար ― զոր օրինակ մանկապարտէզի պզտիկներուն խաղի համար ծառերէն ճիւղեր կամ տերեւներ փրցնելու ― երբ դպրոցէն տղու մը պէտք ունենար, հարիւրին իննսուն զիս կը կանչէր: Ի՜նչ եռանդով կը վազէի, Աստուա՜ծ իմ, և որչափ ջերմապէս կ’օրհնէի զինքը սրտիս խորէն»:

«Ալ բնականաբար Անգլիերէն կրնայի խօսիլ, բայց շատ անգամ իր քիչ մը կնճռոտ մէկ խօսքը չհասկանալ կը ձեւացնէի, պարզապէս զինքը հայերէն բացատրութիւն տալ ստիպելու և հայերէնը իր բերնին մէջ լսելու համար»:

Դխրութեամբ չէր կրնար խօսիլ հայերէնը, բնականաբար, քանի որ կանոնաւոր զաս