Էջ:The First Love.djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

հոգիներուն կազմութիւնը, կրթութիւնը, այդ անբիծ սրտերուն իրենց մաքրութեանը մէջ պահպանուիլը: Վսեմ նպատակ, որուն բովանդակ գիտակցութիւնը ունէր»:

«Զինքը տեսնել ու չյարգել անկարելի է»:

«Բոլոր դպրոցին մէջ չեմ տեսած տղայ մը որ յարգանքով չվերաբերուէր իր անունին հանդէպ, որ ակնածոտ սէր մը չզգար իրեն համար: Բայց, կը խորհէի ինքնիրենս, սրբապղծութիւն էր ենթադրել թէ այդ ամէնուն մէջ գտնուէր մէկը որ կարենար ինծի չափ սիրել զայն, կամ նոյն իսկ զինքը բոլոր ճանչցողները, հաւաքաբար, կարենային ինծի չափ սիրել ու յարգել զանի»:

«Արդէն սէր մը չէր զգացածս, ո՛հ, սէրէն ալ աւելի բարձր բան մը, պաշտում մը, զոր արտայայտելու համար կը սիրեմը շատ պզտիկ կը գտնէի ինքզինքիս անգամ ըսելու»:

«Պաշտում մը, բան մը որ կ’զգացուի բայց չարտայայտուիր»:

«Երջանկութեան միակ երազս, իր ներկայութիւնը վայելել, երբեմն զինքը տեսնել, հեռուէն յարգել ու պաշտել էր: Ահա այդչափ»:

Թ.

«Տարին քանի մը անգամ, ամբողջ դպրոցը, կամ մասնակի կերպով այս ինչ այն ինչ կարգերը դաշտային պտոյտներ կը կազմակերպէինք ամբողջ օրուան համար, ճաշերնիս ալ հետ տանելով. picnic կ’ըսէինք ատոնց»:

«Օր մը, երկու բարձրագոյն կարգերը միայն