Էջ:The First Love.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

հոգիիս ցնցող բաղձանքին, շատ քիչ տեսայ զինքը, խոյս տուի իրմէ. սիրտս կը դողար քովը գացած ատենս, կը վախենայի որ պիտի իյնամ հոն իր ոտքերուն առջեւ լալու, տղու մը պէս լալու և ամէն բան խոստովանելու համար: Եւ ատիկայ սրբապղծութեան մը պէս կը խորշեցնէր զիս»:

«Մտադրեցի օր մը մեկնելէս ետքը իրեն գրելու արտօնութիւնը խնդրել, բայց չհամարձակեցայ, ոչ թէ մերժուելու երկիւղով, որովհետև այդպիսի բան մը պիտի չմերժէր անշուշտ ինքն որ այնքան բարի էր, այլ պարզապէս չկրցայ: Խօսելու որոշումը տուի ինքիրենս քանի մը անգամ, բայց վերջին վայրկեանին ոյժս պակսեցաւ»:

«― Ի՞նչ պիտի կրնամ գրել, պատճառաբանեցի իքնիրենս, բառ պիտի չգտնեմ իրեն բան մը ըսելու. բոլոր բառերն ալ պզտիկ գան, ատոնց և ոչ մէկուն մէջ պիտի սղմի ըսելիքս, ատոնց և ոչ մէկը պիտի կրնայ զիս արտայայտել հետեւաբար անօգուտ պիտի ըլլայ»:

ԺԵ.

«Վերջապէս վկայականս տուին, ինքն ալ հոն էր, ամէնուն հետ զիս ալ շնորհաւորեց ու ողջերթ մաղթեց ըստ սովորութեան: Եթէ ինք չըլլար անշուշտ ցաւ պիտի զգայի դպրոցէն բաժնուելուս, ընկերներէս, բարեկամներէս բաժնուելուս: Բոլոր տղաքներն ալ տխուր բան մը կ’ունենան այն օրը, թէև իրենք ալ չեն հաւատար շատ անգամ թէ ուրախ չըլլան արձակուրդին սկսած