Էջ:The First Love.djvu/62

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տեսնելը, այնպիսի պէտք մը եղած էր սրտիս և հոգիիս համար՝ որմէ զրկուելէ ետքը կարելի չէր յիշել թէ աշխարհ մը կար ուր մարդիկ կ’ապրէին:

Աստեղոտ գիշեր մըն էր ― ճիշտ հակապատկերը սրտիս վրայ տիրող աղջամուղջին, ուր ոչ իսկ նշոյլ մը, ցոլք մը կար պլպլացող:

Ինչ որ զգացի, ինչ որ անցաւ հոգիիս խորէն, հոն մնացած պահուս, անկարելի է բացատրել, բացարձակապէս անկարելի: Չեմ փորձեր: Ես իսկ չեմ հասկցած արդէն, գիտակցութիւնս կորսնցուցած էի մասամբ:

Չեմ գիտեր որչափ ետքը, յանկարծ, շոգենաւին մէկ ուժգին սուլումը վայրկեան մը սթափեցուց զիս այն ցաւագին արբշռութենէն. ալ մոռցած էի ինքզինքս, և աչքերս անդին դարձուցի:

…Աստուած իմ… ան…ան էր…Միս Իզապէլը, հոն, ինձմէ երկու քայլ անդին, յենարանին կրթնած, աչքերը ծովուն յառած, մինակ…

Երա՜զ. իր պատկերն է անշուշտ, երեւակայութեան մէջ գծուած իր ստուերը, իր ուրուականը, ժանեակաւոր պարզ պլուզին, նուրբ շրջազգեստին մէջ, մազերը ամփոփած խսիրէ պարզ կարսօնէ գլխարկին ներքեւ:

― Ոհ, ըսի մտքէ՛ս, չարթննայի աս երազէն երբէ՜ք:

Ծնրադրեցի հոն, կարծր տախտակամածին վրայ, և աննշմար, մութ ու նսեմ անկիւնէս, դիտեցի պաշտեցի զայն երկիւղած, աչքերս արցունքով լեցուն: