Էջ:The First Love.djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Եւ մատովը ցոյց տուաւ այն ադամանդէ ճաճանչաւէտ ուղին որ ծովուն մէջէն կ’երկարէր, արեւէն մինչեւ մեզի և որուն ալ աւելի հմայող չեմ գիտեր ինչ մը կուտար հիմա իր դիւթական մատին ուղղութիւնը:

Ալեակները, ուղիին մէջի ալեակները, որքան արեւուն լոյսը, նոյնքան ալ իր նայուածքը վայելելուն գիտակցութիւնովը երջանիկ, միւսներէն անհամեմատ կերպով աւելի արագ ծփանքով մը կը խայտային, իրենց ճամբուն մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը սուրալով, ուրախութենէն խենդեցած պզտիկ տղաքներու պէս, որք տեղ մը չեն կրնար կենալ:

Տարտանելի մօտ էինք, քանի կը յառաջանայինք եղերքները իրարու կը մօտենային: Բլրակները, երկու կողմերէն կը փայլէին առտուան ցօղին տակ թարմ կանանչով մը, թեթեւ ու թափանցիկ մշուշ մը կը ծածանէր օդին մէջ:

Բերդերուն առջեւէն անցնելէ յետոյ, Տարտանելին առջեւ կանգ առաւ շոգենաւը, նաւակներէ շրջապատուած, պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարելու համար: Իբր տեղական արտադրութիւն հողէ գոյնզգոյն ամաններ բերեր էին անցորդներուն ծախելու համար, մենք ալ գնեցինք քանի մը հատ, յետոյ ճամբայ ելանք վերստին: Եւ երբ նեղուցինք օձապտոյտ դարձուածները հատցնելով Մարմարա մտանք՝

― Իջնանք, ըսաւ, նախաճաշելու:

Վարը դէմ առ դէմ նստանք թէյի գաւաթները առջեւնիս:

― Ի՞նչպէս, ըսի, գո՞հ էք ձեր ճամբորդութենէն: