Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մը երևալուն կը սպասէինք՝ մեր ծրագրին գործադրութիւնը ապահովելու համար։ Ք․, որ մեզի հետ էր, յայտնեց, թէ ինքը չուզեր արտասահման երթալ, այնպէս որ մէկ քանի ընկերներու հետ զինքը հոդ թողուցինք․ պէտք եղած զէնքերը, մթերք և այլն յանձնելէ ետքը հրաժեշտ առինք ու մենք մեկնեցանք։

Գացինք գիւղ մը, որ ծովէն երկու ժամ հեռու էր․ տեսանք, որ ծովեզրը նաւ մը կայ․ լրտես մը ղրեկեցինք, որը վերադարձին յայտնեց, թէ նաւը զօրքի համար ալիւր կը փոխադրէ։ Հարցուցինք նաւին մեծութիւնը, նաւապետի և իր մարդոց մասին, բայց լրտեսը որոշ բան մը չի կրցաւ ըսել։ Ճամբանիս շարունակեցինք, հասանք ուրիշ գիւղ մը, ուր տան մը բակին մէջ խնոցին կախուած էր․ վերցուցինք և հետերնիս առինք ջուրի համար։

Գիշերը հասանք ծովափը․ ալեկոծութիւնը սաստիկ էր․ մենք կը ներկայանայինք իբր թիւք պաշտօնեաներ, այսու հանդերձ նաւավարները մերժեցին մեզ հնազանդիլ, ըսելով, թէ անկարելի է բացուիլ։ Ստիպուեցանք ետ դառնալ և մէկ ժամ հեռանալէ ետքը տեսանք յոյնի երեք տուներ, որոնք բարեկեցիկ երևոյթ ունէին։ Դռները զարկեցինք, չի բացին․ անձրևը սատիկ կը տեղար, մեր դրութիւնը անտանելի էր, վերջապէս մեզ տուին մարագի բանալին, ուր ապաստանեցանք, փուռը վառեցինք և հոն կախուած դդումները առնելով, սկսանք ուտել, կողմնակի պատուհանէ մը կիները մեզ կըսէին․ «Կերէ՛ք, կերէ՛ք, դդումները քաղցր են»։

Հոդ կազմեցինք մեր վերջնական ծրագիրը․ այլևս օր, նոյնիսկ ժամ կորսնցնելը վտանգաւոր էր, վճռականութեամբ պէտք էր գործել ու ազատիլ կամ մեռնիլ։

  • * *

Մեզմէ կէս ժամ հեռու թիւրքի մը սրճարանը կար․ ծրագրեցինք հոնկէ ալիւր վերցնել։ Բոլորս մէկ՝ գիւղէն դուրս եկանք, տղաքը ղրկեցինք սրճարան, ես անձամբ համամիտ չէի ալդ քայլին, բայց ընդհանուրին տրամադրութեան համակերպեցայ։ Տղաքը շալակեցին երկու պարկ ալիւր, անկողին մը, երկու նաւթի թիթեղ և բերին նշանակուած տեղը։ Անոնք չէին սպաննած սրճարանապետ թիւրքը, որ իրենց հեռանալէն անմիջապէս ետքը կը պոռար անդադար․

― Կեավուրները սրճարանը կոխեցին, մեզ թալլեցին, կու գան նաւակը գրաւելու, հասէք, ժանտարմաներ, ո՞ւր էք․