Էջ:Zabel Yesayan, Traveling of Murad.djvu/88

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Դաշտը լիքն էր հովիւներով, սայլապաններով, ճամբորդներով։ Շշմած ու սարսափած՝ կերած էին ու կը դիտէին․ լուսին կար, ու անոնք մեր բոլոր շարժումները կը տեսնէին, բայց ոչ ոք ձայն կը հանէր․ բարեբաղդաբար վայրը անտառուտ էր, և այդպիսով մեր թիկունքը ապահով։ Մինչև այդ ժամանակ երկու ընկերներ թևերէս բռնած՝ քարշ կու տային զիս․ մտածեցի, որ վայրկեանի մը վարանումը կրնայ անյաջողութեան մատնել մեր ամբողջ ձեռնարկը, վախս այն էր, որ նաւակը ջուրը կը մղեն։ Զիս բռնողներուն ձեռքէն թռայ, հրացանս առի, վազեցի ու գոչեցի․

— Տղե՛րք, եկէք ետևէս։

Հինգ հոգիով հասանք ծովափը։ Նաւը մեզմէ 40 քայլ հեռու էր․ մտանք նաւուն և պահակատեղիին մէջտեղը, որպէսզի մէկ և միւս կողմէն ձայն բարձրացնողը լռեցնենք։ Տղաքը հասան հետզհետէ։ Նախապէս որոշած էինք չորս մասի բաժնուիլ․ ա․ մասը նաւը պիտի պաշարէր, բ․ մասը պահակատեղին, գ․ մասը՝ դրսէն եկող թշնամին և դ․ մասը պիտի տեղաւորէր պարէնը և ջրի պաշարը։ Պէտք էր, որ վայրկենական ճշտութեամբ ամեն մասը իր գործը կատարէր, կարգադրութիւնը և գործունէութիւնը կանոնաւոր եղաւ։

Սրճարանապետ թիւրքին աղմուկն տակաւին նաւավարները չէին արթնցած, երբ նաւու մարտիկներէն 6 հոգի բռնեցինք, հետզհետէ բոլորն ալ կապեցինք, անոնք մեզ թիւրք չեթաներ կը կարծէին ու սարսափած մնացած էին։

— Դուք փախստականներ կը փոխադրէք, կըսէինք, ձեզ Սամսոն պիտի տանինք։

Կը խնդրէին, կը բողոքէին, կը պնդէին, թէ իրենք յանցաւոր չեն։

Պահակատեղիին պահակները արթնցած էին, բայց չէին շարժիր, միւս կողմանէ սայլապանները, ճամբորդները՝ ընդամենը 200 հոգի, կայնած կը դիտէին, բայց ոչ ոք ձայն կը հանէր։ Կարծես ամենքը մոգական ազդեցութեան մը ներքև քարացած՝ մնացած էին․ կամ այն է, որ առասպելական բաներ լսած ըլլալով մեր մասին, չէին համարձակեր միջամտել, կամ այն է, որ մեր յանդգնութենէն շփոթած՝ իրաւամբ թիւրք կը կարծէին մեզ։

Մեզ հետ եղող յոյն նաւավարներուն ըսինք, որ նաւը դէպի ջուրը քշեն․ անոնք հրեցին նաւը, բայց քիթը գնաց, խրեցաւ աւազին մէջ․ մէկ ու կէս ժամ աշխատեցանք, հնար չեղաւ նաւը ջուրը քշել։ Այդ յետաձըգումներէն վհատած՝ Իսթիլ և Վասիլ առաջարկեցին, որ կրկին լեռ բարձրանանք, վտանգը ակներև էր, բայց ես պինդ մնացի իմ