Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պէտք էր ըլլայինք Արմանտը, աւելի մօտէն եւ ոչ թէ ընթերցած մէկ քանի բանաստեղծութիւն մամուլի այլ եւ այլ օրգաններու էջերէն։

Բայց վերը ըսինք, թէ Սփիւռքի մէջ մեր գրական կապերը եղած են թոյլ եւ կը շարունակեն մնալ թոյլ։

Արմանտը աւելի երիտասարդ կարծելու մեր ենթադրութիւնը, միւս կողմէ, իրաւացի կրնանք կոչել այն պատճառով, որ իր գործերը այդ կը թելադրեն մեզի։

Արմանտի գործերուն մէջ կան երիտասարդական շունչ ու եռանդ ու մանաւանդ՝ աշխարհը պատկերներով, համոզիչ պատկերներով ընկալելու եւ վերարտադրելու շնորհը. շնորհք մը, որ նոր փայլ կու տայ երբեմն, այսպէս կոչուած «Մաշած Նիւթերու»։

Այսպէս գրելով մենք մերժած կ'ըլլանք ընդունիլ «Մաշած Նիւթ» բացատրութիւնը։ Ւնչպէս բարեւելու բազմաթիւ ձեւեր կան, ինչպէս քերթուած մը արտասանելու բազում ձեւեր, այդպէս ալ նոյն նիւթը մշակելու կան այլազան ձեւեր։ Նոյն փայտի կտորը մէկու մը ձեռքին կը դառնայ պուպրիկ, ուրիշի մը ձեռքին՝ բաժակ, երրորդի մը ձեռքին՝ անդրի, և այսպէս շարունակաբար:

Արմանտը նման նիւթեր իր տեսանկիւնէն՝ նորովի տալու յատկութիւնը ունի։

Միաժամանակ, բանաստեղծը փորձած է օգտուիլ Հայոց լեզուի մէկ հարստութենէն՝ բառակերտումի հարստութենէն՝ դիմելով բարդ բառ կազմելու ձեւին։ Տանք մէկ օրինակ ՅԱՒԷՏՈՒՂԷՇ, զոր օգտագործած է Պարոյր Սեւակի համար:

Ահա այս մտորումներով՝ առաջին այգիին պտուղները ճաշակելէ ետք, կ'անցնինք Արմանտի երկրորդ այգին, արդէն բարձր տրամադրութեամբ։