Տղան շնչակտուր վերադարձաւ յայտնելու համար
թէ բանաստեղծ Նայիրի Զարեանն է:
Ու ակամայ, տարուեցայ խորհրդածելու.– Հրաչեայ
Քոչարի դագաղին հետեւած էին երկու հարիւր հազար
հայեր: Աւետիք Իսահակեանին նոյնքան եւ աւելի: Պարոյր
Սեւակին՝ ամբողջ հայ ժողովուրդը... Իսկ հիմա,
այստե՞ղ...:
1970 թուականին, քանի մը բարեկամներով, Փարիզ-Հռոմ-
Իսթանպուլ-Անգարա-Տիարպեքիր-Վան,
օդային գիծով ես առիթը ունեցայ ուխտագնացութիւն մը
կատարելու դարերէն եկող հայոց հին մայրաքաղաքը:
Գեղատեսիլ Վանն ու Արտամետը, Շուշանցն ու Նարեկ
գիւղը տեսնելէ, շրջագայելէ եւ բնութեան գեղեցկութիւնները
ըմբոշխնելէ ետք, լողացի Վանայ ծովին մէջ,
տխրեցայ մեր կործանած վանքերուն ի տես, ծունկի եկայ
Աղթամարի քանդակներուն առջեւ ու երգեցի Շնորհալիէն
շարականներ հայոց գերեզմաններուն ջախջախուած խաչքարներուն
դիմաց ու վերադարձայ Երեւան:
Երեւան վերադարձայ, պայուսակէս մէջ շիշով ջուր
Վանայ ծովէն, հող Այգեստանէն, նուշ եւ ծաղիկներ Աղթամարէն,
եւ թռչունէ փետուրներ Անապատ կղզիէն...
Երեւանի տունս դարձաւ ուխտավայր մայրաքաղաքին
մէջ ապրող վանեցիներուն եւ ոչ—վանեցիներուն համար: