Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/130

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեկնէի արտասահման, վերադարձիս, խումբը կը բոլորէր
շուրթս անսպառ հետաքրքրութեամբ:

— Ի՞նչ նորութիւն, Թորոս ջան, ի՞նչ են անում մեր
հայերը արտասահմանում:

Առիթով մը Սողոմոն Տարօնցիին տարի Սիմոն Սիմոնեանի
հրատարակած «Արեւելահայ Գրականութիւն»
ստուար հատորը: Տեսնելի՜ք բան էր իր ուրախութիւնը:
Իրեն յայտնեցի, թէ Սիմոնեանը ծրագրած է հրատարակել
նաեւ «Արեւմտահայ Գրականութիւն» հատորը, նոյն ծաւալով,
բայց առաջնահերթութիւնը տուած էր Արեւելահայ
թեւն: Հատորը գրկեց եւ տարաւ: Շաբաթներով
կարդալէ, ուսումնասիրելէ ետք, ջերմ գրախօսական մը
գրեց պատկառելի այս աշխատութեանը լոյս չտեսաւ, որովհետեւ
գտնուեցան մարդիկ որոնք նկատի առին գործէն աւելի
հեղինակը, հրատարակուածէն առաջ՝ հրատարակիչը:
Ու ատիկա մեծ վիշտ պատճառեց Սողոմոն Տարօնցիին:

Ամէն անգամ որ հանդիպէր ինծի, այդ մասին պիտի
խօսէր անպայման:

Մեծ չէր տարիքուէ։ Մեծ էր հայրենասիրութեամբ:

Մեծ չեղաւ իր գրականութեամբ: Մեծ եղաւ նուիրումով:

Մաշտոցի հայրենակից Տարօնցի Սողոմոնը ապրեցաւ
անաղմուկ, մեկնեցաւ լուռ։