Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Զուարթ տղայ էր։ Մչտաժպիտ: Խաժ էին աչքերը
ու դեղնորակ՝ մազերը: Բոլորին սիրելին էր ան։ Կը սիրէր
հրգ, աղջիկ ու կեանք։ Այդ սիրով ալ միացած էին
իրեն իր ընկերները։ Այս սէրերուն զուգընթաց իր կուրծքին
տակ բոցավառ էր նաեւ անմարելի սէր մը ուրիչ, որ կու
գար դարերէն, արեան ընդմէջէն, բայց որ վերարծարծուած
էր ու դարձեր ատրաշէկ կրակ, յատկապէս այդ օրերուն
այդ սէրն էր հայրենի:

Պատանութեան իր երգերը վերածեց գիրքի 1945
թուականին, ու Անդրանիկ իր անդրանիկ զաւակը կոչեց
«Արեւելք»:

Երբ տպուեցաւ գիրքը, Կիպրոս կը գտնուէի, Մելգոնեան
Կրթական Հաստատութեան մէջ: «Արեւելք»ի
երգերը հասան մեզի, մենք Անդրանիկին հետ սիրեցինք
նաեւ իր երգերը, ուր գտանք սիրող սիրտի մը հետ կարմիր
դրօշը հայրենիքին:

Եւ մենք՝ իրեն հասակակից տղաք՝ խմբական նամակ
դրեցինք եւ չնորհաւորեցինք բանաստեղծը։ Այդ նամակը
մինչեւ այսօր խնամքով պահուած կը մնայ Երեւանի
մէջ՝ իր եղբօր մօտ։

Անդրանիկ Թերզեանը վերջին անգամ տեսայ
1916-ին, ՀալԷպի մէջ ներգաղթէ կոմիտէի դրան առջեւ։
Կարճ, խաքի տաբատ մը հագած էր, կոճակները արձակած
շապիկ մը, ձեռքին մէջ կը թրթռար թուղթ մը՝ իր
սիրտին նման: Ու վերջին անգամ լսեցի իր ձայնը, լիաշուրթն
ժպիտի մը ընդմէջէն.

— Տղա՜ք, տեսէ՜ք, ներգաղթի տոմսս է, հայրենի
կերթամ, տարոսը ձեզի, ցտեսութի՜ւն, ցտեսութիւն
է Հայաստան:

Անդրանիկ Թերզեանը դրօշ մըն էր այդ րոպէին:

Ու գնաց Անդրանիկը։

Տարիներ ետք, ե՛ս ալ բախտը ունեցայ հայրենի հողին
վրայ ոտք դնելու եւ շնչելու բուրմունքը մեր երկրին։