ռին մօտ եւ խօսակցեցանք։ Ու Վիգէն Խեչումեանին համար
ես դարձեալ գացի Վան: Վերապրեցայ Վանի օրերս:
Խեչումեանը խորաթափանց աչքերով կը հետեւէր քայլերուս...
Ահա միասին մտանք Վանայ ծով: Ահա բարձրացանք
վանի նշանաւոր բերդը, որուն վրայ հայկական դրօշն է
փողփողած ամիսներով։ Ահա վիթխարի, միազանգուած
այն քարաժայռը որ որպէս ապառաժէ գիրք կը պատմէ
դարերէ ի վեր եւ դարերուն համար, մեր, Ուրարտացիներուս
փառքը: Հազարամեակներ եկեր եւ անցեր են,
ժայռէ գիրքը մնացեր է: Հոն կանգնած այլազգ հովիւները
ջարդեր են ժայռէն բեկորներ, սպաններ են նոյնիսկ բանի
մը տառ, բայց կենդանի մնացեր է ամբողջ արձանագրութիւնը։
Երբ այս բոլորը կը պատմեմ, արցունքը կը փայլի
Խեչումեանի աչքերուն մէջ:
Այգեստանը կայ: Փլած են հայոց եկեղեցին: Շատ
մը տուներու ճակատին՝ կը տեսնես հայերէն գիրեր:
Առուներու ափը հայերէն արձանագրութիւներով քարեր
կան... Թաշկինակը կը դողայ Խեչումեանի ձեռքին
եթէ չամչնաք, բարձրաձայն պիտի լայ հիմա...
Գացինք Արտամետ, ճաշակեցինք անոր բուրումնաւէտ
խնձորները: Բարձացանք Շուշանց գիւղը եւ տեսանք
մեր գերեզմանները աւերուած, խաչքարերը ջարդուած,
տեսանք՝ համատարած ամայութիւն:
Շարականներ երգեցինք մեր ննջեցեալներուն համար:
Մեր մեռելներուն վրայ յիսուն տարիէ ի վեր աղօթող
մը անգամ չկայ: Միայն անձրեւը շարական կերգէ
ձմեռ օրերուն:
Այդ րոպէին Վիգէն Խեչումեանի հոգին խունկի
ման սկսաւ մխալ Վանի մէջ թաղուած մեր հեռաւոր
մեռելներուն համար: