Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/176

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինքնաշխատութեամբ տիրացած էր ֆրանսերէն լեզուին։

— Ռոլանդի երգը կը թարգմանեմ, — ըսաւ, օր մը, —
արի, երկու էջ կարդամ քեզի։

Կարդաց։ Իսկական թարգմանութիւն էր։ Աւելի
ինքնագիրի պէս կը հնչէր քան թարգմանութեան։

Յաճախ խմած կըլլար: Ածիլուած դէմքով քիչ անգամ
կը տեսնուէր։ Երբ դիտէիր իր խառնուած մազմօրուքը,
կսէիր թէ ահա մէկը որ ուսերուն ոզնի մը առած կը
քալէ:

— Խմելուց փող չի մնում, որ թրաշուեմ։

Օր մը միասին համալսարան կերթայինք։ Ուրկէուր
չեմ գիտեր գլուխը տնկեց դէպի պատշգամ մը եւ հոն
կանզնած անծանօթ աղջիկին ուղղելով խօսքը, պոռաց.
 
— Քոյր ջան, թրաշուելու փող չունեմ, մի ռուբլի
գցիր, գնամ թրաշուեմ։

Աղջիկը պայուսակէն հանեց ռուբլիանոց մը եւ նետեց
վար։ Հովը, տասնեակ մը մեթր անդին նետեց թղթադրամը։
Սլաւիկը վազեց հովին ետեւէն, յափշտակեց
դրամը, եւ մտաւ մօտաւոր սափրիչի մը խանութը, բացագանչելով.

— Բաքա (ցտեսութիւն, ռուսերէն), Թորոս ջան,
այսօր թրաշուեմ, վաղը տեսնուենք:

էդուարդ Թոփճեանը Ափիւռքահայ Գրականութեան
մասին դասախօսութիւներ կը կարդար Երեւանի
պետական համալսարանին մէջ:

Օր մը փափաքեցայ ներկայ գտնուիլ դասախօսութիւններու
այս շարքին։ Բարեկամիս՝ Բիւզանգ Մինասեանի
կողքին տեղ գրաւեցի։ Գիտէի թէ թոփճեանի հետաքրքրութիւնը
Սփիւռքահայ Գրականութեան հանդէպ,
նոր չէր։ Տակաւին 1946–ին Հայաստանի Գրողներու Բ.
Համագումարին, ինքն էր զեկոյց մը կարդացողը այս
նիւթին շուրջ։

էդ. Թոփճեան կը խօսէր Շահնուրի մասիե։ Յանկարծ,
ներս մտաւ Սլաւիկ Զիլոյեան։ Ճիշդ մեր առջեւը
պարապ աթոռ մը կար։ Ահաւոր խմած էր։ Ալքոհոլին հոտը
դահլիճով մէկ տարածուեցաւ: Մինչ թոփճեանը կը