Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/189

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րեկամը... քանի մը շաբաթով։ Տարեկիցներ էին։

Սարթրին հետ Երեւանէն Լուսաւան եկած էին տասնեակ
մը գրողներ ու պետական դէմքեր: Անոնց մէջ էր նաեւ
երիտասարդ քննադատ Ալեքսանդր Թոփճեան, որ հետգային
ուշագրաւ թարգմանութիւններ կատարեց ֆրանսական
գրականութենէն:

Վախթանգ Անանեանը որսի ճաշով պատուեց իր
հիւրերը։ Ի՜նչ որսորդ, որ չկարենար իր հիւրը պատուել
որսաճաշով։ Բոլորը գոհ էին, յատկապէս ֆրանսացիի գրողը,
որ մօտէն հետաքրքրուեցաւ իր հիւրընկալին կեանքով
ու գրական ստեղծագործութիւններով։

Վախթանգ Անանեան զիս ներկայացուց մեր պետական
դէմքերուն.

— Մեր Թորոսր ընտանիքով եկել է հայրենիք, սովորելու։
Ու ահա բնակարան չունի։ Պիտի նրան ապահովել
բնակարանով:

Զրոյցը շուրջ տասը վայրկեան կեդրոնացաւ ինծի
տրուելիք բնակարանին վրայ։ Ի վերջոյ Հրաչեայ Քոչարն
էր որ ըսաւ.

— Մոռացանք մեր ֆրանսիացի հիւրին եւ օրուան
հերոսը դարձաւ Թորոսը: Ես նրան ճանաչում եմ Սոֆիայից:
Երեւի իր բախտը բերեց եւ այս խմբին հանդիպեց։
Մասնաւոր նիստ գումարուեր, այն էլ Լուսաւանում,
Թորանեանին տրուելիք բնակարանին համար։ Ուրեմն այդ
հարցը համարենք լուծուած, բացատրենք մեր ֆրանսիացի
հիւրին էլ, թէ ինչով էինք զբաղուած՝ ամբողջ տաս
րոպէ։

Հոյակապ սեղանը տօնահանդէս մը ստեղծեց։
Սուրճէն ետք հիւրերը մեկնեցան։ Մնացինք ես ու Անանեանը,
որուն դէմքէն կը ճառագայթէր լայն ժպիտ մը։

— Լաւ օրուայ հանդիպեցիր, Թորոս ջան, քո բնակարանի
հարցը լուծուած համարիր Քոչարի այգ վերջին
խօսքերից յետոյ, այդ անտէր սիրտ ունեցող մարդը,
մեր երկրի անթագ թագաւորն է, եւ յետոյ, չմոռնաս, որ
իմ որսի միսն էլ կատարեց իր դերը...

Այդ օրուընէ սկսեալ, սերտացաւ իմ բարեկամութիւնս
Վախթանգ Անանեանին հետ, որ առանձինն, մեր