Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/284

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ու ջինջ աչքերուդ խորը, երբ դողաց ձայնդ, երկարող
լռութեան մէջ.

— Այդ որքա՜ն ուժ պահանջւում է ինձանից:

Քու առաջին իսկ վիպակովդ դուն տուեր էիր արդէն
ապացոյցը տաղանդիդ հզօրութեան: «Ձորի Միրոն»
սեղանիս վրայ է միշտ ու ալ մաշած, կարդացուելէն
մաշած:

Հիմա երբ կրկին կը բանամ զայն, նայուածքս կը
մշուշուի ձեռագրիդ դիմաց.

«Սիրելի Թորոսին, անկեղծ ընկերոջս, միշտ կողք
կողքի լինելու յոյսով ու ակնկալութեամբ: 4-5-1970 թ.»:

Ես ինչպէս պատկերացնէի, լաօ՜, որ այդ յոյսդ
պիտի ապրէր տասնամեակ մը միայն, տասնամեակ մը,
որուն ընթացքէն - ինչ խօսք - հայոց գեղեցիկ դպրութիւնը
հարստացա՜ւ քեզմով ու հիմա՝ իրաւամբ կապրի
անժամանակ կորուստիդ անսփոփելի սուգին մէջ՝ տալիքներուդ
անմխիթար ցաւը նաեւ:

Մինչեւ այսօր՝ կապրէի ամսաթիւի մը - Ապրիլ
21 - մղձաւանջով, յետ այսու, այդ մղձաւանջին վրայ
պիտի գայ աւելնալ բարդոյթը տարիքիդ սահմանաթիւին
- քառասուն եօթ...

Որովհետեւ քառասուն եօթ տարեկան էր միայն մեր
բանաստեղծութեան որակական այն նոր նուաճումը, որ
կը կոչուէր Պարոյր Սեւակ...

Որովհետեւ քառասուն եօթ տարեկան էր միայն մեր
նկարչութեան որակական այն նուաճումը, որ կը կոչուէր
Մինաս Աւետիսեան...

Որովհետեւ քառասուն եօթ տարեկան էիր, միայն
քառասուն եօթ տարեկան, նաեւ դուն, մեր արձակի նորորակ
բարձունք՝ Մուշեղ Գալշոյեան...

Ի՚նչ դժուար է հիմա խօսիլ, քեզի հետ՝ գործածելով
բայերուն անցեալ եղանակները եւ դիմելով յուշերու եւ
յիշատակներու, որոնք կը խուժեն վրաս, կը չարչարեն զիս
այս պահուս:

Անոնցմէ մէկը ահա, Ուջան գիւղին մկջ անմահա–