Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/60

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քաջալերեցի զինք. յոյս չունեցողս՝ փորձեցի վերջին
յոյս մը տալ իրեն։ Մահը կը սեղմէր Գրիգորին կոկորդը:
Անիրաւը տարաւ զինք։

Իր հաճոյքներէն մէկն էր ման գալ Երեւանի փողոցներուն
մէջ: Յաճախ, փոխադրական միջոցներէն ամէնէն
հինին կը դիմէր տուն հասնելու համար - կը քալէր: Ճամբուն
վրայ, սովորութիւն ունէր ջուր խմելու իր հանդիպած
բոլոր ցայտաղբիւրներէն։

— Խմէ՛, Թորոս, կըսէր,- կըսէր, - երկու ափ ջուրը մէկ
հացի ոյժ ունէր, խմէ, – ինք ախորժակով կը խմէր Երեւանի
անմահական ջուրը եւ կը ծիծաղէր:

Նուիրուած հայորդի մըն էր: Լաւ քաղաքացի մը:
Հայրենիքին ժառանգ թողուց երեք մանչ զաւակ: Երեքն
ալ զինուած բարձրագոյն ուսումով: Երեքն ալ ամուսնացած:
Երեքն ալ այժմ զաւակներու տէր:

1918–ին Սիսի մէջ ծնած Գրիգոր Պեքմեզճեան — Սիսւանը,
որ 1972–ին անժամանակ մահացաւ Երեւանի մէջ,
զրկուեցաւ իր թոռները վայելելու երջանկութենէն...: