- Մենք, թուրքերս ալ կը բարուրենք, -
կընդմիջէ Ազիզ Նեսին:
- Մենք, հայերս, բարուրուած մանուկը օրօրոցին
մէջ կը դնենք։
- Մենք, թուրքերս նոյնը կընենք։
- Մենք, հայերս, օրօրոցի մէջ դրուած նորածինը
կօրօրենք, անոր համար կերգենք օրօրոցային երգեր ու
կըսենք. «Ննջիր, մանկիկ, մեր անուշիկ, բայց մի մոռնար,
անգին բալիկ, մերն է Վանը, էրզրումը, մերն են
Մուշը, Վարսն ու Սասունը բալիկ, որքան զօրանաս շուտ,
այնքան շուտով առնենք պիտի գերեալ երկիրն մեր հայրենի։
Օրօ՜ր, օրօ՜ր, մեծցի՛ր, նուշիկ, որ առնենք մեր հողն
անուշիկ»։
Այստեղ լռած է Ազիզ Նեսին:
Թուրք երգիծագիրը, որ արմանացած է իտալական
գրական մրցանակի մը՝ իր մէկ գործին համար, ու ճանչցած
է նաեւ Իսթանպուլի բանտային կեանքը եւ շրջան մը
չէ ծածկած իր համակրանքը հանդէ Խորհրդային Միութեան,
Իսթանպուլ վերադարձէն ետք, իր հեղինակած
գիրքերէն մէկը կը ղրկէ Գրիգոր Քեշիշեանին, հետեւեալ
մակագրութեամբ.
- Եոլտաշ Գրիգորա, պու քիթապըմ, շայէթ եթիշիր
իսէ (Ընկեր Գրիգորին, այս գիրքս, եթէ երբեք հասնի...):
Շատ կը փափաքէի վէճի նստիլ այս անուանի գրողին
հետ, իր իսկ տունէն մէջ: Ինչպէս ինք վէճի նստած՝
էր մեր գրողներուն հետ մեր տան մէջ:
Գրիգորէն առի իր հասցէն: 1970 թուականին մեկնեցայ
էսթանպուլ։ Դիւրութեամբ գտայ Ազիզ Նեսինի
տունին դուռը եւ կռիւի պատրաստ աքաղաղի պէս մաքրեցի
կոկորդս: Կին մը բացաւ դուռը:
- Կուզեմ Ազիզ Նեսինը տեսնել, - ըսի։
Կինը շատ քաղաքավարօրէն պատասխանեց թէ ճամբորդած
է Նեսինը, ու աւելցուց.