Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/88

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լորիս դէմքերուն վրայ կը թեւածէր թիթեռներու գոյներով։

Հակառակ որ Պարոյր դէմ խօսեցաւ, բաժակաճառերուն,
մենը խմեցինք իր կենացը, բաժակաճառերով...

Երեկոն շարունակուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ
մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Չէ՞ որ Երեւանը մեր տունն
է: Տո՛ւն է ամէն հայու համար:

Սփիւռքահայ ուսանողներս տարած էին Ջերմուկ:
Այնտեղ օդը դարաւոր պայծառութիւն ունի: Հանքային
ջուրերը կը ժայթքեն սարերու կատարներէն:

Նստած եմ գլգլան ջուրերու եզրին եւ բոպիկ ոտքերս
յանձնած անոնց: Յանկարծ երգ մը կը բարձրանայ կոկորդս
ի վեր բայց... կանգ կառնէ մէկէն. քանի մը մեթր անդին
նստած են խումբ մը ազրպէյճանցիներ: Անոնցմէ մէկը
կը խօսի թեւի լայն շարժումներով: Ականջով կորսամ իր
բառերը, որոնք մեղուներու պէս կլ արշաւեն վրաս: Նախ
չեմ ուզեր հաւատալ, կը սրեմ լսողութիւնս, առանց իր
ուշադրութիւնը վրաս հրաւիրելու: Մարդը խանդավառ կը
շարունակէ.

— Ընկերնե՛ր, այս հայերը բարեբախտաբար շատ
անխելք են: Բռնուած են հիւանդութենէ մը, որ ֆրանկախտէն
գէշ է: Ատիկա քաղաքային հիւանդութիւն կը կոչուի,
որ, փա՜ռք Ալլահին, մեզ չէ վարակած: Բոլորն ալ կուզեն
քաղաք երթալ: Թող երթան: Ինչ խօսք, որ Երեւանն ալ
սիրուն է: Թոզ երթան լեցուին քաղաք:

Մենք, ազերիներս, հայերու պէս լաւ որ չենք
եղած, ըլլալու ալ պէտք չունինք: Մեզի կը մնայ դառնալ
տէրը այս սարերուն, այս թուրերուն: Պէտք է գանք հազարներով:
Պէտք է հաստատուէնք այստեղ, բերենք տասնական
երեխայ, գրաւենք այս սքանչելի սարերը: Եւ,
որո՞ւն համար գաղտնիք է, որ հողը կը պատկանէ անոր,
որ կապրի այդ հողէն վրայ:

Ու ես, մեր ջուրերուն պէս պոռթկալ ուզելով, յանկարծ,
Կոմիտաս երգելու փոխարէն, ձայնս ձգեցի երգերու
համար թուրը մեծ բանաստեղծ Նազմ Հիքմէթի թառերով
երգ մը...