Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
ՎԱԹՍՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ



Եքկի՛ր, վաթսունամեակդ է։ Քանի՜, քանի՜ բանաստեղծներ
պիտի գովերգեն քու բարդիի հասակդ այսօր։
Ու դեռ քանի՜ նկարիչ պաստառին պիտի կրկին սեւեռեն
չքնաղ բնութիւնդ։ Հանքավարներդ պիտի հասնին ոսկիի,
պղինձի, մոլիպտէնի հանրերուդ, ճարտարապետներդ պիտի
պեղեն նոր ջրանց ըներ եւ պիտի դալարագեղեն քեզ
առաւել։

Երկի՛ր, վաթսունամեակդ Է: Համբարձումեանը այս
առթիով, կրկին պիտի սուզուի անհունին մԷջ նոր ծիրկաթիններու
որոնումով։ Գիտնականներդ աւելի անխոցելի
պիտի դարձնեն սահմաններդ: Ուսանողներդ զինուած
վիրալի պատմութեամբդ եւ մեծագործութիւններովդ, մեր
մեծագոյն զօրավար՝ Մեսրոպին ուղիով պիտի գրոհեն
դէպի գիտութեան դեռ աննուաճ կատարները Արարատեան
դաշտդ դարձնելու համար լոկ ուրախութեան սեղան:

Մեծ այս տօնիդ արեւը պիտի պայծառանալ աւելի՝:

Այլ ես, տարագիր որդիդ, թփրտացող սիրտովդ կը
մտածեմ ինչպէս գովերգել քեզ, ինչպԷ՞ս ընել որ խօոքս