Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/243

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փարներ։ Հալէպի մէջ յւսյւոնի դարձաւ որպէս սրտաբան: Կինր կքերգէ։ Ուրեմն րնտանիքին մթնոլորտը երաժշւոագրական է:

կր մնայ, որ Գէորգ Թեմիզեանը գրէ այնպէս, որ իր խօսքը ըԱայ մատչելի՝ ընթերցողներու աւելի մեծ տոկոսի մը համար։

ԱԼԵՅՍԱՆԴՐ ՍԻՈԼՆՈՍԵԱՆր երաժիշտ է ու խմրավար։ Ծնած է Ֆրանսա: կապրի Ռոման քաղաքին մէջ եւ տնօրէնն է տեղւոյն Ագգային Երաժշ տա նորին։

Տարիներ աոաջ եկած էր Հալէպ։ Միասին զարինք Աեսքէնէ։ Գիւղ մը, ուր տարագրութեան օրերուն հազարաւոր հայեր մահացած են անօթութենէ ու հիւ անդութիւններէ։ Տէր Զօրի ճամբուն վրայ հայուն մահւան կայաններէն մէկն էր այս գիւղը, Եփրատի ափին։

Սիրանոսեանր խնդրեց, որ առանձին թողունք զինք հայ գողգոթայի այս անսահման գերեգմանուլին առջեւ։ Լացաւ Սիրանոսեան։ էՍունկ ծխերինք։ Մոմ վառեցինք։ Շարականներ երգերինք հոգիներուն համար մեր անթիւ մեռելներուն։

Սիրանոսեանր, հայ երաժշտութեան երկրպագուներէն է։ Սիրելըքիչ է։ Կր կ ագմակերպէ հայ երաժշտութեան երեկոներ օտարներուն լսելի դարձնելու համար գործերր կոմիտասի, Խաչատուրեանի, Պապաճանեանի, Յարութիւնեանի, Սարեանի եւ այնքան ուրիշներու։

կաշխատի գտնել ու լոյսին բերել գործերր անյայտութեան մէջ մնա­ցող հայ երաժիշտներուն։

Երկու տարի աոաջ Լիոն գացի։ Հեռախօսով կապուեցայ Աիրանոսեանին: Խենթութիւն մր կրնալս ընել, ըսաւ։ Առ վերջին շոգեկառքը եւ եկուր Ռոման: Վերջին շոգեկառքը կէս գիշերէն ետք էր։ Ժամը երկուքին հասայ Ռոման։ Դիմաւորեց դիս Ալեքսանդրր։ Սինչեւ լոյս խօսեցանք։

Առաւօտեան պտոյտ մր ըրինք քաղաքին մէջ։ Փոքր քաղաք մըն է Ռոմանր։ Ծանօթացանք Դանիէյ Վարուժանի հօրեգբօր տգուն, որ ճա­շարան մը կր բանեցնէր հեռաւոր այս անկեան մէջ։ Վարուժանի անտիպ մէկ նկարր առինք Զպուքեարեանէն։ Գացինք երաժշտանոց։