Էջ:Երջանիկ մահը.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

100

ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

պզտիկ ժպիտ մը նուրբ ու սեւ պեխերուն ծայրը. կոպերը կտրած աչքեր, որոնք իր գիշերամոլ մարդու յոգնութիւնները կը պատմէին․ վէս խրոխտութիւն մը, որ վաղաթարշամ երիտասարդութեանը վրայ ծաւալած ծանրութեան պէս բանի կը նմանէր, կարծես ուսումներու եւ հսկումներու մէջ խորասուզուող մարդու ծանրութիւնը։

Մտքի ու ճաշակի տէր մէկն էր։ Իրաւագիտութիւն սորվելու համար Եւրոպա կեցած տարիներէն՝ միջակ վկայականով մը, բայց նրբացած իմացակնութեամբը վերադարձած էր հոս։ Համալսարանին սրահներէն աւելի՝ գեղեցիկ կիներու քով, միանգամայն՝ տաղանդաւոր մարդոց եւ լաւագոյն ընկերութեանց մէջ մտած ու ապրած էր, մսխելով, փճացնելով ունեցածը եւ չունեցածը։ Հոս ոչ փաստաբան եղեր էր եւ ոչ դատաւոր․ անկեղծութեամբ, քաջութեամբ խոստովանած էր իր ապիկարութիւնը։

Ամէն ինչ չափաւոր, գրեթէ մեղմ էր իր վրայ, իր ձայնը, իր շարժումները․ բայց ատոր խորը կը տեսնայիր անձնավստահ մարդու, կամ՝ աւելի ճիշդը ըսելու համար՝ իր գերազանցութիւնը գիտցող մարդու մը անխռով հանդարտութիւնը։

Աղջիկներու ետեւեն չէր վազեր․ երեխաներ անոնք՝ իր փորձ, գրեթէ հայրական աչքին։ Զիջում մը, ստորնացում մը պիտի ըլլար իրեն համար խռովել կոյսի մը մաքուր հոգին․ այս կենցաղասէր մարդուն մէջ՝ ահա այս կերպ իր կեանքին հակասող ազնուութիւններ ալ կային։ Իր ասպետական, կռիւով, հարձակումով բերդ առնող մարդու համբաւին եւ սովորութեանցը հակառակ էր տեսլական սիրոյ մը հեռանկարովը աղջկան մը սրտէն ներս սպրդիլ․ այս Ոդիսեւսի միջոցները իրեն չէին պատշաճեր։

Զրուցուածին նայելով՝ տարիէ մը ի վեր տիկին ….-ի մտերիմն էր, ու ամէնքը, իրենց բոլոր չարախօսութեանց մէջ անգամ, այս երկուքին միջեւ ճշմարիտ ներդաշնակութիւն մը գտեր էին որ երկուքին ալ սովորական էակներ չըլլալէն առաջ կուգար անշուշտ։