Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

Մեր խօսքով, նամակագրութիւնը այն անկեղծագոյն յոյզի ու մտքի դրսետրումն է, զոր մարդիկ դարերով օգտագործեցին, պահեցին այդ նամակները, ու մերթ նամակ կարդալու հաճոյքը ունենալու համար կրկնեցին նամակի ընթերցումը։

Նամակը վաւերաթուղթ մըն էր։ Գիտութեան զարգացումը մեզ գրկեց այդ հաճոյքէն։

Մկրտիչ Սարգսեանի նամակագրութիւնը կը սկսի 1943 թ.էն՝ ռազմի դաշտէն՝ գրուած իր հարազատներուն։ Այդ նամակներուն մէջ կայ յաղթելու վճռակամութիւն ու իր սիրելիներուն նկատմամբ՝ անսահման կարօտ։

Մկրտիչ Սարգսեանի այդ նամակներէն մէկուն ձեռագիրը պահուած է։ Կարօտի այդ նամակին կը հետեւի 39 նամակ՝ յղուած սիրելիներու, հարազատներու, գրողներու, պետական դէմքերու, ընթերցողներու, ուր խիզախութիւնը, անկեղծութիւնը, իր անպարտ ըլլալուն հանգամանքը կը շեշտուին ժամանակի մը մէջ, երբ լռելը «ոսկի» էր, իսկ խիզախելը՝ «յանցանք»։

Իսկ Մկրտիչ Սարգսեանը խիզախ եղած է ոչ միայն պատերազմի ճակատին վրայ, այլ նաեւ գրական կեանքի ընթացքին՝ երկար ժամանակ ըլլալով «Գրական թերթի», ապա Հայպետհրատի գլխաւոր խմբագիրը։

Տանք օրինակ մը՝ 16-րդ նամակը.

«Գրական թերթի» խմբագրութեանը
Երեւան, 20.09.1974 թ.

Յարգելի խմբագիր,

Ձեր թերթի սոյն թուականի թիւ 37-ում տպագրուել է բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆ. Սեւակ Արզումանեանի «Չնահանջել նուաճուած բարձունքներից» գրախօսութիւնը իմ «Բարեւ, բարի արեւ» գրքի մասին։ Վճռականօրէն համաձայն չլինելով գրախօսի դրոյթներին եւ դիտողութիւններին, չեմ ցանկանում վիճարկել նրա գնահատականները, որովհետեւ Սեւակ Արզումանեանի անաչառութեանը չեմ կասկածում եւ նրա սխալները չեմ կարող վերագրել միտումնաւորութեան։ Սակայն վերոյիշեալ յօդուածում յարգելի դոկտորը թոյլ է տուել