Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս վիճակը չի կրնար շարունակուիլ: Գիտցիր որ համբերութիւնը շատ ձգուած ռեզինի նմանի, որ տեղէ մը պիտի փրթի անպայման:

—Թող փրթի՜. բայց տեղն ալ յայտնի թող ըլլայ, այսինքն քեզմէ թող փրթի:

— Այսինքն դուն կ՚ուզես զիս պահե՞լ, այդպէս չես հեռացած:

— Իմ կինս ես այնքան ատեն որ տունէս չեսհեռացած:

— Այսի՞նքն...

— Այսինքն ազատ ես երթալու, քեզի հանդէպ սէր չունիմ, բայց քեզ ղրկողը ես չեմ ըլլար, հանրային կարծիքին առջեւ ինքզինքս չեմ խայտառակեր...

—Վախկո՚տ, — շպրտեց Արփիկ:

— Խիզախութիւնը լեզուիդ վրայ թող չվերջանայ, նոր կը հասկնամ թէ քաջութեան օրինակ ես:

— Ուրեմն հանրային կարծիքէն կը վախենա՞ս, հը՜, բայց չես վախենար կինդ ծեծելէ, անպաշպան արարած մը ծեծելէ հայհոյելէ չե՛ս վախենար, ուրիշ աղջիկի մը սէր տալէ չես վախնար չես վախնար...

— Նորէն ու դարձեալ, դարձեալ ու միշտ այդ նոյն լեզուդ: Այո՛, չեմ վախնար, ուրիշ մը կը սիրեմ, այո՛, երթալէդ անմիջապէս ետք, այդ ուրիշը պիտի բերեմ տուն, քու ի՛նչդ պահեմ, ըսէ՛, տախտակէ կո՞ւրծքդ, չորած սրունքնե՞րդ, անպտուղ արգանդդ

—Ալ մի՜ խօսիլ, պապանձէ՛, երկինք, ինչու՞ փուլ չես գար այս արգանդը բեղմնավոր է, իսկ այս կուրծքն ու սրունքները դո՚ւն քմեցիր. մի՚ խօսի՚ր, լռէ՚, քսաներո՚րդ դար. նոյնիսկ 15—րդ դար չես, դուն այլակերպուած ես հրդեհէն լափլիզուած էակի մը նման, այլանդակուած քու սեմէդ ներս. կ՚երթամ ապրելու առանձին, առանձին, մինչեւ այն օրը որ դժբախտութեանդ գիտակցութիվնը ապրիս, զղջաս, հոգեդարձ մը ունենաս, մահաքունէդ դուրս ելլես, վերյիշես կորոըւած յիշողութեանդ վերականգնումով, մեր անցեալի օրերը, կապոյտ Միջերկրականը, քո՚ւ խոստումներդ, մեր խօսակցութիւնները գրականութենէն, ազգէն, փիլիսոփայութենէն: Մինչեւ որ վերադառնաս:

Գէորգին աչքերուն առջեւ ուրիշ աղջիկ մը կար: Խարտեա՚շ Արփինէին սեւութեան դէմ, չինարի՛ Արփինէի նուռի հասակին դէմ ու գեղակազմ գիծերով:

Ոչինչ կը լսէր Գէորգ: