ատիկա մենք պիտի որոշենք: Վաղը, գարնան, եթէ Անդրանիկը առաջին պատեհ առիթով երթայ եւ գրաւէ Վանը ու միա տեղերը, անոնք մերը եղած կ՛ըլլան ալ: Մինչեւ այդ եթէ սպասենք որ ուրիշները մեզի տան, կրնանք շատ դժուարութեանց հանդիպիլ: Պատոփրակութիւնը շատ գործ ունի ընելիք, բայց որոշ տիպի, եւ ատիկա դիւանագիտական աշխատանքն է: Ըստ իս մնացեալը պէտք է Երկրին մէջ ըլլայ եւ կեդրոնական կառավարութեան կողմէ:
Միացեալ կառավարութիւն հռչակելը ես անհրաժեշտ կը տեսնեմ, եւ ասիկա երբեք չի տկարացներ Կիլիկիոյ ու Թրքահայաստանի խնդիրը, այլ ընդհակառակը, որովհետեւ այն ատեն կառավարութիւնն իսկ է, որ պիտի զբաղի անոնցմով: Միա կողմէ այդ կառավարութիւնը որքան իր սահմանը ընդարձակէ, իր զօրքերը կը շատնան: Արդ, անմիջապէս պէտք է ստեղծել կեդրոնակպն կառավարութիւն մը, որուն երկրէն դուրս ունեցած դիւանագիտական գործերը պիտի վարէ Պատոփրակութիւնը:
Տիար Տամատեան. ժողովին ուշադրութխնը այն կէտին վրայ կը հրաւիրեմ, որ ես կը մնամ միշտ իմ նախորդ կարծիքներուս վրայ եւ համամիտ չեմ այսօրուան խօսուածներուն: Բայց խնդիրը շատ կարեւոր կը համարեմ, որովհետեւ կախում ունի ժողովին իրաւասութեան խնդրէն: Այս ժողովին երկարաձգումը երբեք վնասակար չէ: Ես կառաջարկեմ յանձնաժողով մը ընտրել, որ խորացնէ այս հարցը եւ մեզի բանաձեւ մը բերէ, որուն շուրջ վստահ եմ, թէ բոլորս ալ համաձայն պիտի ըլլանք:
Տիար Սայեան. Քանի կը ծեծոփ խնդիրը, այնքան աւելի կը մօտենանք գործին, որովհետեւ մինչեւ հիմա մենք անուններով կը զբաղէինք: Իսկապէս մեր ամէնէն աւելի կարեւոր գործը Պատոփրակութիւն մը ընտրելն է, որ անգամ մը մեր գործը թուղթի վրայ վերջացնէ: Իսկ գալով այս ժողովին մնայուն ըլլալու խնդրին, ես կառաջարկեմ ընտրել Պատոփրակութիւն մը, մշակել ներգաղթի, պարենաւորման եւ այլ խնդիրները, եւ սկսիլ գործադրութեան: Այն ատեն է միայն, որ պիտի տեսնենք, թէ ժողովը պէ՞տք է ցրոփ, թէ՞ ոչ. հիմակուընէ որոշել այդ աւելորդ է:
Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ազգ. Պատոփրակութեան ցրուած հրափրագրին համաձայն այս ժողովը երկու բանի համար գումարուած է: Նախ պատրաստել եւ վաւերացնել Խաղաղութեան Վեհաժողովին տրուելիք Յիշատակագիրը եւ ապա ընտրել Պատոփրակութիւն մը, որ հետամուտ ըլլայ ձեռք բերելու այդ ծրագրին ընդունելութիւնն ու գործադրութիւնը: Բայց կը տեսնոփ, որ ժողովս այսքանով չի բաւականանար եւ կ՚ուզէ զբաղիլ նաեւ միացեալ կառավարութեան մը ստեղծման եւ այլ խնդիրներով: Կ՚առաջարկեմ, հետեւաբար, մէկ կողմէն կատարել իր առաջին պարտականութիւնը, եւ միանգամայն ընտրել յանձնախումբ մը, որ մշակելով խնդիրները ու միացնելով ներհակ բաժինները, մեզի բանաձեւ մը ներկայացնէ:
Ն. Վսեմութեան այս առաջարկութիւնը ընդունելով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն անդամ նշանակուեցան
Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս
|
Այս յանծնախումբին պիտի մասնակցին նաեւ Պատոփրակութեան Վսեմ. Նախագահը եւ Արարատեան Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: