մէկ մասը՛. ԻնչպԷ՚ս գաղութ նկատել Պարսկահայաստանը, ուր Աւարայրը կայ, Տղմուտը կայ: Այս պատճառաւ մեզի համար ցանկալի է, որ այդ բառը գործածուի հոն:
Քուէարկութիւն կատարելով որոշուեցաւ պահել այդ յօդուածը նոյնութեամբ:
Յետոյ քննուեցան Յանձնաժողովին բերած ծրագրին երրորդ եւ չորրորդ յօգուածները, ի մասին նոր կազմուելիք Պատուիրակութեան ուղեգիծ մշակելու, Ազգ. Պատուիրակութեան հրաժարականին եւ գործունէութեան տեղեկագրին, եւ նոր Պատուիրակութիւն մը ընտրելու:
Տիար Օհանջանեան. Կ՚առաջարկեմ թիլի մասին այժմ չվիճաբանիլ, այլ ընտրութեան միջոցին, եւ Կովկասի պատուիրակներուն համար գործածուած «ներկայացուցիչ» բառը փոխել «պատուիրակ»ի:
Տիար Վարանդեան. Կ՚առաջարկեմ Իրաւասութեան Յանձնաժողովին մէջ մէկ երկու հատ ալ Ամերիկայէն եկած պատգամաւորներէն մտցնել, եւ այդ Յանձնաժողովին յանձնել նոր Պատուիրակութեան համար գործունէութեան ուղեգիծ պատրաստելու պաշտօնը:
ժողովը համակարծիք գտնուելով, որոշուեցաւ նոյն Յանձնաժողովին անդամ նշանակել նաեւ Տիար Համբարձումեանը:
Տիար Հինդլեան. Ես կը դիւրացնեմ Տիար Վարանդեանի առաջարկը, հրաժարելով այդ Յանձնաժողովի անդամակցութենէն եւ տեղ տալով ամերիկահայ պատգամաւորներուն: Այսպիսով Յանձնաժողովին աշխատանքն ալ կը դիւրանայ եւ իմ ազատութիւնս վերստացած կ՛ըլլամ այս ժողովին մէջ, փոխանակ միշտ քոմբրոմիսներ ընելու Յանձնաժողովին մէջ:
ժողովը նախ մերժեց Տիար Հինդլեանի հրաժարականը, բայց իր պնդման վրայ ընդունեցաւ:
Տիար Սայեան. Ես համամիտ չեմ Պատուիրակութեան հրաժարականը եւ գործունէութեան տեղեկատուութիւնը մի միայն լսելու առաջարկին: Քանի որ Պատուիրակութիւնը իր հրաժարականը այս մարմնին կու տայ, կը հետեւի, որ մենք ալ իրաւունք ունենալու ենք զայն քննադատելու, պարսաւելու կամ շնորհաւորելու: Ես չեմ հասկնար. կամ այն է, որ ժողովին արժէքը շատ կը փոքրացնենք մենք, որուն միայն տեղեկութիւն կը տրուի, կամ այն է, որ ժողովը Պատուիրակութեան բնաւ կարեւորութիւն չի տար: Ասիկա անբնական կը թուի ինծի: Վերջապէս նախարարները եւ թագաւորներն իսկ կը քննադատուին:
Տիար Հինդլեան. Իրաւասութիւնը երկու անկախ մարմիններու միջել պարտականութեան եւ իրաւունքի յարաբերութիւնն է: Այս ժողովը, որ չէ ընտրած Պատուիրակութիւնը, իրաւունք չունի ոչ հրաժարական պահանջելու, ոչ ալ հաշուետուութիւն, այլ հրաւիրուած է եւ պարտականութիւն ունի նոր Պատուիրակութիւն մը ընտրելու: Արդ, որպէսզի այդ աշխատանքը կարենայ ընել, պէտք է, որ լսէ հին Պատուիրակութեան հրաժարումը, առանց որուն չի կրնար նորը ստեղծել: Որպէս համագումար մենք ի վիճակի չենք Եւ չենք ուզեր ալ Պատուիրակութեան անցեալ գործունէութիւնը քննադատելով եւ հաշուետուութիւնը լսելով անոր գործունէութեան պատասխանատուութիւնը բաժնել:
Տիար Չօպանեան. Այսպիսի րոպէի մը, ուր դէպքերը կը գահավիժին, ուր այնքան գործ կայ ընելիք, ես յարմար չեմ գտներ յամենալ քննադատելու հին գործունէութիւն մը: Ատիկա պատմութեան գործն է:
Տիար Թէրգիպաշեան. Ես կ՚առաջարկեմ, առանց պատճառաբանելու առաջարկս, որ Պատուիրակութեան հրաժարականին խօսքը չըլլայ, այլ բաւականւսնանք ըսելով, թէ ժողովը կը լսէ Պատուիրակութեան տեղեկատուութիւնը եւ կընտրէ նոր Պատուիրակութիւնը:
Նիստը փակուեցաւ ժամը 8-ին:
ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 60-63 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր: