ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ
Հանձնաժողովը, որուն նախագահն էր Ամեն Տ. Եղիշէ Արքեպս. Դուրեան, Անդամները Պ. Պ. Վահան Փափազեան. Մ. Համբարձումեան, Վահան Թէքէեան, Տոքթ. Նեւրուզ, Լեւոն Շանթ. Արշակ Չօպանեան /տեղեկաբեր/, խմբագրեց հետեւեալ ուղեգիծը համածայնութեամբ Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Ն. Վ. Պօղոս Նուպարի եւ Հայկական Հանրապետութեան Պատոփրակ Պ. Պ. U. Ահարոնեանի եւ Հ. Օհանջանեանի:
Ուղեգիծ՝ կազմուած Հայ Ազգային Համագումարի կողմէն նորընտիր Ազգային Պատոփրակութեան համար:
Ազգային Պատոփրակութխնը պաշտօն ունի.
Ա. Հետապնդել Համագումարի անունով Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուցած հայկական պահանջներու Յիշատակագրին ամբողջական իրականացումը:
Բ. Նպաստել իրականացնելու Միացեալ Հայաստանի միակ կառավարութիւնը:
Գ. Աշխատիլ, որ աոաջին րոպէին հայ ազգը ընդունուի Ազգերու Ընկերութեան իբր անդամ:
Այս նպատակներում հասնելու համար Պատուիրակութիւնը ձեռք պիտի առնէ հետեւեալ միջոցները:
1. Հետապնդել ոչ-փրկեալ հայկական հողերուն հայ եւ Դաշնակից ոյժերով լիութանակի գրատւմը:
2 Պահանջել Դաշնակիցներէն' թուրք իշխանութեանց անմիջական ու բացարձակ վտարումը բոլոր հայկական հողամասերէն:
3. Աշխատիլ հայ գինուորական ոյժերուն ստուարացման եւ զօրացման:
4. Ընել ինչ որ հարկ է ապահովելու համար ազատութիւնը մահմետականացած բոլոր հայոց՛ իրենց նախկին կրօնքին վիրադառնալու. Նոյնպէս եւ ձեռք բերելու համար շուտափոյթ ազատումը մահմետականներու մօտ գտնուող հայ կանանց եւ տղայոց:
5. Հետապնդել վնասաց հատուցման պահանջներու իրականացումը:
6. Աշխատիլ, որ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրին պատասխանատուներուն պատուհասման մասին Պատուիրակութեան կողմէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին եղած դիմումը դրական արդիւնքի հասնի:
7. Հետապնդել Համագումարին կողմէն վաւերացուած ելեւմտացոյցին իրականացումը:
8. Նպաստաւորել ամեն կերպով հայրենիք վերադարձը բոլոր տարագիրներու եւ աշխարհի չորս կողմը ցրուած գաղթական հայոց, գտնելով միջոցներ /փոխառութեան կամ վնասուց հատուցման ի հաշիւ Դաշնակիցներէն ստանալ դւրութիւններ ներգաղթող ժողովուրդին պարենատրման, վար ու ցանքի, բնակութեան եւ այլնի համար/:
9. Զարկ տալ հայանպաստ լայն եւ բազմաձեւ բրոբականտի շարժման:
10. Ձեռնարկել Հայաստանի մասնագիտական ուսումնասիրութեան տեղագրական, վիճակագրական, արդիւնաբերական եւ այլն բաժիններով:
11. Սերտ եւ շարունակական յարաբերութեան մէջ ըլլալ Դաշնակից բոլոր ազգերու կառավարութեանց ներկայացուցիչներով ինչպէս եւ քաղաքական առաջնորդներուն հետ:
12. Մօտ յարաբերութիւններ հաստատել ապագային մեզի սահմանակից կամ դրացի ըլլալ կոչուած ազգերու ղեկավար մարմիններւն հետ /յոյներ, սուրիացիներ, արաբներ, սիոնական հրեաներ, վրացիներ, ռոաեր, պարսիկներ, ասորիներ եւ այլն/:
13. Ազգային ընդհանուր գործունէութեան շարժում տալու, զայն կարգաւորելու եւ կապակից դարձնելու համար մշտական յարաբերութեան մէջ ըլլալ հայկական