որ կերպով մը ինքն էր, որ հանդիսաւորապէս եւ հեղինակաւոր եղանակով մեր հարցը դրաւ Գեր. Խորհուրդին առջեւ եւ զայն այնպէս պաշտպանեց, որպէս թէ հայութեան ներկայացուցիչ մը ըլլար:
Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Ուրեմն ինչո՞ւ Լորտ Պրայս հարցուց, թէ արդեօք Պ. Վենիզելոսը ձեզի բարեկամ կը նկատէք: Լորտ Պրայս ոեւէ մեկը չէր, որ այսպէս կասկած մը յայտնեց, պէտք էր ունենար շատ էական պատճառ մը:
Տիար Տէրպէտէրեան. Ե՞րբ ըսաւ այդ խօսքը եւ ի՞նչ առթիւ:
Տիար Ֆնտգլեան. Այս վերջերս էր, թուականը որոշ չեմ յիշեր, բայց անշուշտ Պատուիրակութիւնը գիտէ:
Տիար Չօպանեան. Լորտ Պրայս կրնայ այդպիսի կարծիք մը ունենալ, բայց մենք մեր տեսութիւնը կը հիմնենք մեզի ծանօթ բազմաթիւ իրողութեանց վրայ: Արդէն յոյն կառավարութեան այս շրջանին մէջ մեզի ցոյց տուած աջակցութիւնը բացատրելի ալ կը գտնենք, որովհետեւ երկու ազգերու շահերը կը զուգադիպէին:
Նիստը փակուեցաւ ժամը 5 ու կէսին:
ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 61, թթ. 43-64: Ձեռագիր: Բնագիր:
Նիստ ԺԴ
11 Յունիս 1920, ժամը 4 ին.
Ներկայ էին 18 պատգամաւոր՝ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:
Օրակարգ
1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան
համարատուութեան
2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատ. Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին
3. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան
ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ընթերցում ատենագրութեան
Կարդացուեցան եւ վաւերացուցեցան Յունիս 7-ի եւ Յունիս 8-ի նիստերուն ատենագրութիւնները:
2. Կիլիկիոյ դրութիւնը
Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ժողովին հաղորդեց հետեւեալ հեռագիրը, զոր ստացած էր Դիւանը.
«Ն. Վսեմութիւն Գաբրիէլ Նորատունկեան, Նախագահ Ազգ. Համագումարի,
12 Avenue de President Wilson,
Փարիզ.