Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Չի գաս վարձկան տղու պէս,
Չի գա՛ս մարալ բախտդ զուր.
Կռուէն դարձող կուրծքը վէս
Տան կտրիճին պէս եկուր։

Սեւ ու ցամաք հաց կայ հոս.
Աշխատանքի քրտինք հուր.
Խոփըդ շայկած՝ անակօս
Դաշտի տենչով ինձ եկուր։

Հազար տարուան գաղթիդ մէջ
Հազար անդունդ իջար լուռ.
Հոս վերեէք կայ, ո՛չ վայրէջ,-
Մէջքըդ ժրէ՛ ու եկուր։

Կարծէք այս օրուան համար գրուած ըլլայ, երբ շատ աւելի են երկրէն մեկնողները քան վերադարձողները։

«Հայր, Ալ Մեծցայ» բանաստեղծութեամբ կը փակուի գիրքին հայերէնով գրուած երդերուն չարքը, որմէ ետք մենք կը կարդանք Գլըճեանի մէկ քանի ինքնագիր անգլերէնով գրած բանաստեղծութիւնները եւ անոնց կողքին անոր կատարած մէկ քանի թարգմանութիւնները օտար գրողներէ։

Թարգմանութիւններու մէջ եւս յայտնի է բանաստեղծին ճաշակը երբ ան հայերէն խօսիլ կու տայ սպանացի յայտնի բանաստեղծ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքան։

«Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի» հատորի լոյս ընծայումէն կարճ միջոց մը ետք Գլըճեան բանաստեղծը

28