Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԻՐՔ ԵՐՐՈՐԴ՝ ԹԱՓԱՈՓԿ ԽՈՀԵՐ Մակագրութեամբդ ստացած ենք նոր այգե– կութքիդ երրորդ կողովը, ուր կայ ծիրան, խաղող ու նարինջ: Շնորհակալութիւն Նուէրին համար, պատաս- խան նուէրով ձեզ ուրա- խացնելու խոստումով: Ահա կը բանանք 286 էջերու վըայ տարածուող Գլրճեանական այս այգիին դարպասները: Հոն են կողք-կողքի գրողին բանաստեղծութիւններն ու արձակը։ Հոն է էնք իր շնչող ոգիով: Գիքը հրատարակութեան պատրաստողը՝ Լոս Անճեչըսի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն է, Թէ քէեան Մատենաշարի միջոցաւ, որդուն եօթներորդ իրագործումն է այս հատորը։ Այս մատենաշարին խմբագրութեան մաս կը կազմեն՝ Վաչէ Աեմերճեան, Անդրանիկ Փոլատեան, Օշին Քէշիշեան եւ Յարութ Երէցեան։ Չմոռնանք արձանագրելու, որ Ալեք Գլըճեանի այս գործին լոյս ընծայման օժանդակած են նաեւ իր հայրենակիցները՝ Տէօրթ-Եօլի Հյրենակցական Միութիւնը;