Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սքանչելի րոպէները, որ ապրեցանք քեզի հետ այնքան ուժգին կեանքով մը:

Միքայել դրանս կը զարնէր, բայց ես կը շարունակէի ժպտիլ ու սիրտս կը զեղուր այնպիսի զգացումով մը, որ կարծես կողողէր ամեն ինչ, և նոյնիսկ միամտութիւնը ունեցայ խորհելու, թէ ինքն իսկ պիտի վարակուէր անկէ, և թէ վերջապէս ոչ ոք իրաւունք ունէր խափանելու իմ սիրտս...

Դուռս բացուեցաւ. կայծակի արագութեամբ խորհեցայ՝ ստե՞լ, կեղծե՞լ... երբէ՛ք: Եթէ նոյնիսկ մտածումս մոլորուէր և ուզէի վարուիլ այնպէս, ինչպէս սովորաբար կիները կը վարուին, գտնել ոևէ բանաւոր պատրուակ մը ուշ մնալուս, չէի կարող։ Ոչ թէ բարոյական սկզբունքի մը կը հետևէի այդ պահուն, այլ ֆիզիքապէս անկարող էի ստելու։ Բայց ես ի՞նչ տեսայ, երբ գլուխս դարձուցի Միքայէլին։ Անիկա տժգունած էր մեռելի նման և իր աչքերը յիմարական արտայայտութիւն մը ունէին։ Մարդու աչքեր չէին անոնք, այլ տեսակ մը անբացատրելի սևեռում, որուն ներքև ամբողջ մարմնովս սարսռացի։ Սոսկալի բան մը պիտի պատահէր, ու ես շունչս բռնած, աչքերս գոցեցի ու սպասեցի։

Ա՜հ, մարդիկ յիմար են առհասարակ ու անկարող իրենց սեպհական երջանկութիւնը պաշտպանելու։ Եթէ այդ միջոցին Միքայէլ ինձի խօսէր իր վշտին ու ցաւին վրայ, թերևս իմ յուզուած էութեանս մէջ վերադարձ մը տեղի ունենար, որովհետև այդ պահուն իմ բոլոր զգացումներս իրենց հիմունքներուն մէջ խախտած էին և բուռն զգայնութիւններու ազդեցութեան ներքև ամեն ինչ անկայան, տարտամ և անորոշ դարձած էր ինձի համար։ Եթէ նոյնիսկ Միքայէլ անսալով իր կիրքէ կուրացած վիճակին, բրտութեամբ վարուէր ինձի հետ, թերևս իր հարուածող ձեռքին ներքև զսպուած զգայի ինքզինքս, բայց անիկա այս անգամ ալ սխալեցաւ, այս անգամ ալ չի գտաւ իմ սրտիս ճամբան։ Զգացի, որ իր մէջ կար մէկը և կամ միւսը ընելու տիրական բաղձանքը, բայց անիկա փոխանակ անսալու իր էութեան դրդումներուն, զսպեց զանոնք, և հակառակ իրեն թերևս, ինկաւ բոլորովին խոտորնակ ճամբու մը մէջ: Անիկա ինձի նախատեց անկրկնելի բառերով, անիկա զիս հեգնեց ու զրպարտեց։ Արտասանեց ամենէն թունաւոր բառերը ու հայհոյեց իմ սուրբ և պայծառ զգացումներուս: Ոտքի ելայ փախչելու համար. ոտքի ելայ ու քանի մը քայլ հազիւ առած էի, կեցայ դարանի մը կրթնած։ Ծունկերս կը կթոտէին ու պաղ քրտինք մը զգացի ծոծրակիս ու ճակատիս վրայ։ Ուզեցի խօսել ու բացատրել իրեն, թէ չէ, թէ իրենց օրէնքներուն և պայմանադրական