Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բախտին պատգամը կատարուեցաւ, Եուսուֆեան առեւտրական ժողովներէն մէկուն նախ անդամ եւ յետոյ ամբողջութիւնն (նախագահ) եղաւ:

Նախնիք Արդարութիւնը տեսած պիտի ըլլան, որ զայն կշիռ ի ձեռին կը ներկայացնեն. անոր բարի ըլլալն ալ ճանչցած են անշուշտ որ այնչափ յարգ ու պատիւ կ՚ընծայեն անոր. մենք դժբախտաբար ժողովներու մէջ ալ իրեն հանդիպած չունինք որ տեսնէինք, ճանչնայինք եւ կարենայինք այսօր ըսել թէ Եուսուֆեան շատ լաւ կամ գէշ կը վարվի Արդարութեան հետ: Շատերը որ մօտէն կը ճանաչեն Եուսուֆեան էֆէնտին, կ՚ըսեն թէ Արդարութեան ներկայացուցիչն է ան եւ թէ Արդարութեան պէս կշիռ մը ունի ձեռքը. սակայն պնդողներ ալ կը գտնվին, թէ՝ այդ կշիռը ծախու առնված է նպարավաճառէ մը որ պակաս կշռելուն համար ամեն օր տուգանք կը վճարէր: Աս անհաւատալի է:

—Կը տեսնէ՞ք փաստաբաններն ի՚նչպէս ուշի ուշով մտիկ կ՚ընեն որպէս զի կէտ մը բռնեն եւ ինծի դէմ դատ բանալ տալով քառասուն յիսուն ոսկի վաստկին...: Պարոն փաստաբաններ. մի՛ պարծենաք կենսագրութիւններուս մէջ զիս դատի հրաւիրելու բնութիւն ունեցող կէտեր գտնելնուդ վրայ, որովհետեւ կենսագրութիւններս կազմող բոլոր կէտերն նոյն բնութիւնն ունին: Այս պարագայիս մէջ կը նմանցնեմ զձեզ այն ձկնորսին որ այս օրերս տասը բալամուտ որսալուն վրայ կը պարծենայ, քանի որ շաբաթէ մը ի վեր ծովը բամուտով լեցված է: Բայց քանի որ ձեզմէ շատերը յօդուածի մը մէջ աւելի իրենց գործ կր փնտռեն քան թէ արդարութիւն, ես ալ խոհեմութիւն կը բանեցնեմ եւ խօսքս կը փոխեմ:—

Առանց ասոնց կամ անոնց ըսածներուն ականջ կախելու՝ ես կ՚ըսեմ թէ Տիգրան էֆէնտի Եուսուֆեան միշտ արդարութեամբ վարված է, որովհետեւ ուրիշ կերպով վարվիլը անկարելի է: Մեր բոլոր ժողովներուն մէջ արդարութիւնը միշտ կը փայլի իւր բացակայութեամբը։ Տիգրան էֆէնտի