Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ջանիկ են, որ հովասուն լեռներուն վերայ, ծաղկալից հովիտներու մէջ, կանաչազարդ մարդերուն վերայ ճեմելով կը կայտռին, հապա այն պաղուկ պաղուկ ջուրերէ որ կը խմեն, իրիկուն կը լինի գեղի նախիր դաշտէն տուն կը դառնայ, կովեր ծիծերնին լցած ծանր ծանր, հպարտ հպարտ շորորալով պռալով կը քալեն. ամէն մէկ իրեն տիրոջ տունը կերթայ. տանտիկին հարսներ կթոց կառնեն կը վազեն, կովը հանդարտ կը կենայ, եւ կսկսին կթել, խղճմտանքով տանտիկին գիտէ կթելուն չափը, բաւական բաժին կը թողու հորթկան համար. բայց կան անխղճմտանք կիներ, որ խիստ ճմլելով կը քամեն կովուն պտուկներ այնպէս, որ խեղճ որթկան շատ նւազ բաժին կը թողուն:

Երբեմն, ծուռ կարմիր կովեր կան, որ շատ ուղիղ դատաստան կանեն երբ տանտիկին խստութեամբ կը ճմլէ պտուկներ. կովը կը զայրանայ կը զարնէ կը թափէ կաթն, կթոցն էլ հետ կը կոտրէ, եւ այսպէս կը տեսնայ իւր զրկուած հորթին դատաստան։ Երանի թէ մարդիկ օրինակ առնելով ծուռ կովու չափ դատաստան տեսնային: Դու կը տեսնաս եւ գիտես, Թոռնիկ, այնչափ առատ առատ արօտներու մէջ արածելուն, որչափ կաթ կուտան, հազիւ օրական մի քաշ, կամ շատ շատ երկու քաշ։ Իսկ ձմերան երբ սոսկ յարդով կապրին, խիստ կը նուազի իրենց կաթը, ճորով հորթեր կը կշտացունեն։

Անշուշտ, Թոռնիկ, հետաքրքիր կը լինիս իմանալ, թէ երբ մեր կովեր դրախտի երկրին մէջ ամեն աղան ծաղիկներով եւ խոտերով կը պարարտին, ինչո՞ւ համար Եւրոպայի կովերուն պէս կաթնաբեր չեն, եւ կամ անոնց չափ միս չեն կապեր։

Խօսիմ քեզ, Թոռնիկ, նախ որ մեր կովեր ազնիւ ցեղերէ չեն, կը տեսնաս դու, փոքրիկ եւ գաճաճ բաներ են, մինչդեռ Եւրոպիոյ անասնապահ ամէն ջանք եւ հնարամիտ փորձեր ի գործ կը դնէ, ոչ միայն կովերուն, այլ եւ ամէն տեսակ անասնոց ցեղերը ազնուացնել. մեք ոչ այդ խելքն ունինք եւ ոչ այնչափ հոգ. մեք այնպէս կը հաւատամք թէ այդ մի բնական բան է որ մեր երկրի կովեր գաճաճ լինին։ Երկրորդ արուեստագէտէ լսած եմ թէ արօտական շրջող անասուններ ինչպէս են կաթնտու կովերը անդադար շրջելով, ծիծերուն աւելորդ կաթը ուրիշ որակութեան կը փոխուի կամ ջուր կը դառնայ։ Արդեօք, եթէ սովորութիւն լինէր, ինչպէս ոչխարներ կէս աւուր պէրատեղ կուգան եւ կը կթուին, նոյնպէս կովերն էլ կթուին, գուցէ ծիծե-