Ձմեռ օր

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Ձմեռ օր

Մատթեոս Զարիֆյան


Ձմեռ օր


Կը ձիւնէ՜ դուրսն անդադար...

Մութ սենեկիս անդունդին մէջ որբացած՝
Ցաւերու գորշ ժըպիտն աչքիս՝ կը նայիմ...
Ի՞նչ կայ դէմըս ― Դատարկութի՞ւն թէ Աստուած.
Եւ ի՞նչ կուգայ Վաղուան հետ ― վա՞րդ թէ շիրիմ...

Ձիւնաթաթաւ լուսամուտին կը տանիմ
Թշուառուտիւնը ճակատիս տենդահար.
Ինչու՞, ինչու՞ չի՛ գար Հոգին մըտերիմ
Որ հոգիիս պուտ մը հաւատք պիտի տար...

Կը ձիւնէ՜ դուրս անդադար...