— Այս մէկը, որ կծկուած է տունէդ, անկիւնը, քեզ
չի խանգարեր, բայց ես կը խանգարեմ, չէ՜։ Գուրգէն
Խան, տունէդ դուրս պիտի չելլեմ մինչեւ որ հասկնամ այս
կոպիտ մերժումներուդ պատճաուը: Դաժանութեանդ պաճառը:
Այս տունը պետական տուն է, բոլորիս կը պատկանի:
Չե՛մ ելլեր:
— Կարգին գիժ է, միլիցիային զանգահարեմ, ի՞նչ
անեմ:
— Քեզի համար միլիցիային զանգահարողներուն՝
կարծեմ դուն ամբողջ կեանքիդ ընթացքէն կը հայհոյես:
Մենքր ենք այստեղ: Պիտի լուծենք այս հարցը:
Անկիւնը կծկուող գրողը ոտքի ելաւ, հանդարտեցնել
փորձեց զիս, ըսելով թէ հիւանդ, մեծ գրողի մը հետ
է գործս. ուստի, պէտք չէ գոռգոռամ...
Հրեցի զինք մէկդի եւ ըսի.
— Գուրգէն Խան, ես ձեր գրականութիւնը սիրողներէն
եմ: Անոր հիացողներէն: Բախտաւոր օր մը եկայ
Հայաստան, իմ երազիս հերոսին ծանօթացայ եւ աւելի
սիրեցի: Ու հիմա, ինչ է պատահածը։ Խումբ մը սփիւռքահայ
ուսանողներ, կուզենք ձեզ այցելել ու շնորհաւորել
ձեր ծննդեան վաթսունամեակը։ Մեր ուզածը ժամադրութիւն
մըն է։ Մղք է շնորհաւորել սիրած գրողդ: Ու ահա,
ամիսներէ ի վեր կը մերժէը մեզ։ Այս գիշեր պիտի հասկնամ
այս մերժումներուն պատճառը. Ի՞նչ ենք ըրեր,
էնչ ենք մենք, ֆաշիստնե՞ր թէ թո՞ւրք. է՞նչ ենք ըրեր,
էնչո՞ւ կը մերժէք մեզ:
Եւ յետոյ հարց տամ ձեզի, ինչ արժէք ունի գրող
մը առանց ընթնրցողի, բնութիւնը՝ առանց հացողի:
Մենք ձեր ընթերրողներն ենք: Ձեզ յարգել կուզենք: Իսկ
դուք կը մերժէք: Իբրև ընթերցող լուսաբանութիւն կը
պահանջեմ:
— Դուք գիտէք ո՛ւմ պիտի յարգել։
— Մենք, ձե՛զ պիտի յարգենք։
— Դր համար է, որ նախ խումբով գնացել էք այսինչի
մօտ։ Նա ինքը զանգահարեց ինձ, որ խմբով, սփիւռքահայ
ուսանողներդ, գնացել էք ձեր յարգանքը մատու–