ցանելու, նրան։ Կերել—խմել էր, հլա հարբել էլ էր։ Գտել
էր գնալիք տեղը, գտել յարգարժանին. ո՜վ է Գուրգէն
Խանը, որ յարգէք նրան:
Հոս է որ եթէ ներկայ գտնուէր Ռափայէլ Արամեանը,
պիտի հնչեցնէր իր նշանաւոր խօսքը. — Շշմելիք
ա՜...
Ես շշմած էի: Կը դժուարանայի հաւատալ ականջներուս։
Ի՞նչպէս կրցայ զսպել ինքզինքս, գիտեր:
Հայ մեծ գրող մը արժէք տար նման...
Ըսի.
— Գուրգէն Խան, այդինչ գրողին խմբական այցելութիւն
չենք տուած: Երկու հոգի էինք, փողոցէն անցնելու
պահուն շատ ստիպեց որ իրենց հանդիպինք, գացինք։ Հոն
չգինովցանք, որովհետեւ միայն թէյ խմեցինք ու մենք,
թէյով գինովցող պտուղ չենք, գիտէք:
Հոն, այդինչին առաջարկով գացինր երկու հոգիով,
հոս խումբով գալ կուզենք, աղաչողը մենք ենք, մերժողը
դուք: Ըսէ՛ր հիմա, ո՛վ ունի բարկանալու իրաւունք, եթէ
բարկանալու հարց մը կայ այս խնդիրին մէջ:
Ապառաժը դարձաւ բամպակ։ Մահարի փաթթուեցաւ
վիզիս.
— Թորոս ջան, սիրելիիս, այս տունը ձերն է, երբ
ուզենաք համմեցէք, ահա, ձեզ յանձնեմ նաեւ տանս բանալին,
ե՛րբ ցանկանաք եկէք, առաւօտեա՞ն, կէսգիշերին,
կէս—գիշերը ա՞նց, ե՛րբ կամենաք...
Դարձեալ շշմած էի ի տես այս հոգեփոխութեան:
Ո՛չ նախկին մերժումը, ոչ ալ այս զեղումը պէտք էր
մեզի:
Գրողին վաթսունամեակին առիթով սփիւռքահայ
ուսանողներուս նուիրած իւղանկարը այժմ կախուած է
Գուրգէն Մահարիի Երեւանեան տունին պատին վրայ:
Ափիւռքի հետ լայն կապեր ունէր «Մրգահաս»ի հեղինակը։
Յայտնի էր, որ սերտ թղթակցութիւն կը պահէր
Շահան Շահնուրի հետ: