Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Գտա՛ծ է իրեն պէս զարտուղի մէկը, - կ՝ըսէին
ոմանք, աւելցնելով, - ի զուր չէ որ Մահարին իր
«Այգեստաններ»ը նուիրած է Շահնուրին...

Ես համաձայն չեմ եղած այս տեսակէտին: Երկուքն
ալ, թէ՛ Մահարին, թէ՛ Շահնուրը, անծուխ եւ անբոց
կայրէին մեր ժողովուրդին համար: Իրենց թղթակցութիւնը
պահանջք մը կը գոհացնէր երկու կողմերուն համար
ալ:

Մահարին կը թղթակցէր զանազան գրողներու եւ
գրասէրներու հետ:

Նամակագրութեան մէջ էր հալեպաբնակ շապկագործ
Յարութիւն Շատոյեանին հետ: Այս սասունցին ուղղակի
սիրահարած էր Մահարիի գրականութեան: Կը թղթակցէր
նաեւ Յարութիւնին եղբօր՝ գրող Միքայէլ թաւրիզեանին
հետ:

Օր մը, Յարութիւն Շատոյեան—Թաւրիզեանը, չիչ
մը Հալէպի օղի ուղարկած էր Մահարիին, սասունցի ուսանողի
մը հետ: Ընկերացայ այդ ուսանողին, որպէսզի
ցոյց տամ Մահարիին տունը: Դուռը բացաւ հայոց Լիթուացի
հարսը՝ Անտոնինան, այն կինը՝ որ սառնամանիքի
մէջ խնամած էր մեր բանաստեղծը եւ ապա անոր հետ ընտանիք
կազմած:

Շատոյեանին անունը ըսելուն պէս Գուրգէն Խանը
ցատկեզ տեղէն: Ուսանողը խօսեցաւ Շատոյեան եղբայրներու
իրեն հանդէպ ունեցած խոր համակրանքին մասին եւ
բանաստեղծին երկարեց շիշ մը օղին: Մահարին աճպարարի
մը արագութեամբ խլեց շիշը եւ հրեց տիւանին տակ,
Անտոնինայէն խնդրելով սուրճ պատրաստել հիւրերուն
համար: Ու մինչ Անտոնինան կուղղուէր գէպի խոհանոց,
Մահարին շիշը քաշեց դուրս այնքան արագ որքան արագ
պահեր էր զայն տիւանին տակ եւ երկու ումպ խմելէ ետք.

— Օխա՜յ, - ըսաւ, — կեանք կայ եղեր: Կեանք
կայ՝ այս Էգիի կաթին մԷջ ինչպէս կը սիրէր կոչել օղին,
մեծ խարբերդցին՝ Թլկատինցին:

Ու կաւելցնէր.