— Ընկերնե՛ր, Վարպետի մօտ թոյլատրւհւմ Է խօսել
միայն ուրախ բաներ: Խօսել մահուան մասին, արգելւում
է: Հասկնալի՞ Է: Ուրեմն երկար չմնաք։ Կարիք չկայ
այդ բոլորը ձեզ էլ բացատրելու:
Ներս խուժեցինք:
Վարպետը, լայնաբաց աչքերը դէպի դուռը յառած,
նստած էր, ուսին՝ արաբական ապայ: Մօտեցանք իրեն
ու համբուրել փորձեցինք իր ձեռքը։
Միայն կէս ժամ մնացինք Վարպետին մօտ: Դար
մը մնացինք կարծէր երբ խօսողը ինքն էր: Երկվայրկեան
մըն Էր տեւած մեր խօսակցութիւնը երբ դուրս ելանք:
Աւելի մնալը անպատեհ Էր: Այդ կէս ժամուան տեւողութեան,
Վարպետը, սիրտի տագնապ անցնողի երեւոյթը
չունէր:
Խօսեցաւ բամբ ձայնով: Գովեց Պոլիսը: Կերեւի
վերջին անգամ գովեց իր ծննդավայրը: Պարսաւի կարկուտ
է որ տեղաց զինք չհասկցողներու հասցէին:
— Շէյքսփիրի 400–ամեակին ես չմասնակցի՜մ...
Համբերութեան բաժակը յորդեր էր եւ զայրոյթը
հասեր՝ իր գագաթնակէտին:
Առանց ձայն—ծպտուն հանելու, մտիկ կընէինք
գլխիկոր... Երբ քիչ մը հանդարտեցաւ, վախվխելով,
պարզեցինք մեր ծրագիրը: Ալեկոծ ովկիանոսը խաղաղեցաւ
մէկէն:
— Ահա՛, ահա ինքնեկ առաջարկ մը, որուն մէջ ոչ
մէկ հաշիւ կայ։ Չոճուխներս կուզեն տօնել իմ ծննդեանս
ութսուն տարին: Ամբողջ հոգիովս համաձայն եմ
ձեզի: Այս բնակարանս կրնայ ընդունիլ քսան հոգի: Դուք
եկէք երեսուն–քառասուն հոգիով: Մեր տեղը նեղ է, բայց
սիրտը լայն: Շատ ճառեր չխօսիք: Եկէք, համով—հոտով