Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/161

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նստինք, պատմենք հինէն ու նորէն, դուք Հալէպէն, ես՝
Պոլիսէն, պատմենք ու թարմանանք: Ա՜, թարմանանք
չոճուխներուս գեղեցիկ խօսքերովը, թէ ոչ խեղդուիմ
պիտի, ես որ բեմերու վրայ հազար անգամ խեղդած եմ...

Այո՜, աղուոր պիտի ըլլայ, չա՜տ աղուոր... այնպէս
օր մը անցընենք, որ բոլորը տեսնեն ու ըսեն թէ
80–ամեակ ըսածդ այսպէս կը տօնուի:

Զոճուխներս, համբերէք, տեսնեմ եկողներդ որ քանղաքներէն
պիտի ըլլաք։ Համբերէք:

— Պէյրութէն, Նիկոսիայէն, Ատիս Ապեպայէն,
Փարիզէն, Մանչեսթրէն, Պոլսէն, Ուրուկուէյէն...

— 0՜, ինչե՜ր կ՝ըսէք: Մէկ անգամէն այսքան քաղաքներու
մէջ պիտի տօնուի ութսունամեակս: Լա՛ւ, չոճուխներս,
համաձայն եմ: Հինգ օր ետք: Եղա՞ւ: Նչում
մը կատարեցէք ձեր յուշատետրէն մէջ, չմոռնա՜ք, հինգ
օր ետք, կը սպասեմ բոլորիդ, Հալէպցինե՜րը, Պոլսեցինե՜րը...

Ի՜նչ գիտնայինք թէ Վարպետէն ձայնը վերջին անգամ
է որ կը լսէինք, ի՜նչ գիտնայինք թէ վերջին անգամ
է որ կը լսէինք հայ թատրոնի ձենով Օհանին որոտումը...

Դուրս ելանք լոյս ու մութ հոգեվիճակով: Ուրախ
էինք որ մեր հանդիպումը տեղի պիտի ունենար հինգ օր
ետք: Եւ նաեւ տխուր՝ որ Վարպետը տեսանք այդքան ջղագրգիռ։
Սիրտի տագնապ անցուցած էր եւ ո՜վ գիտէ...
կորսուէ չար սատանայ...

Յաջորդ օրը լսեցինք թէ Վարպետը մեկնած է Լենինկրատ,
իր աղջիկին մօտ: Հինգ օր ետք Վարպետին
մահուան բօթը ծածկեց Երեւանի կապոյտ երկինքը՝ սեւ,
սեփ—սեւ ամպի նման...