Արեւմտահայութեան մէջ Արշալոյս անունը սովորաբար
յատկացուի իգական սեռէ անձի մը: Արեւելահայերուն
մէջ, ինչքան ալ զարմանալի թուի ատիկա, տղաներն
են արշալոյսները...
Երեւան: Գրողներու Տուն: Հայ համագումար
մը կազմակերպած են: Ելոյթ կունենայ կենտկոմի
երկրորդ քարտուղարը՝ Յովհաննէս Պաղտասարեանը: