Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/264

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Տոքթո՛ր Կարպիս, Հայաստանէն Թորոս Թորանեանը
կը ճանչնա՞ս:

— Այո, շատ լաւ կը ճանչնամ:

— Այդ խայտառակը, երեք տարի տունս գնաց–եկաւ,
եւ ի վերջոյ, մէկ հատիկ աղջիկս առաւ տարաւ։

— Բայց, պարոն Հայկ, Թորոսը ամուսնացած
մարդ Է, երկու զաւակի հայր...

— Չհասկցա՜ր, տունս, Մարտիրոս Սարեանէն
նկար մը ունէի։ Համոզեց զիս, առաւ, տարաւ: Երեք տարի
ետեւս ինկաւ խայտառակը։ Կաբծես տունէս աղջիկս
տարաւ։

Երկուրն ալ կուշտ ու կուռ կը խնդան:

Նոյն ամառ, Վարպետին տուած նոր նկարը տարի
Փարիզ։

Այս անգամ, Հայկին լացը ուրախութեան լաց էր։
Աչքերուն չէր հաւատար։

— Կորսուած էր՝ գտնուեցաւ կտոր մը հայրենիքս։

Երանի՜ մեր երազած Հայաստանը այսպէս դիւրին ըլլար
վերագտնել...

Վարպետին կը հանդիպէի առանձին, կը հանդիպէի
ուսանողներու խումբով։ Իր ողջութեան իսկ կառուցուած
փառաւոր տուն–թանգարանը եւ պատկերասրահը վերածուեցաւ
ինքնուրույն դպրոցի, արուեստի՛ դպրոցի, նաեւ
շնորհիւ Շահէն Խաչատուրեանի անսպառ ճիգերուն։ Շահէնը
դասախօսութիւններ կը կազմակերպէր ուսանողներու
համար ընդհանրապէս եւ սփիւռքահայ ուսանողներու
համար մասնաւորապէս: Ցոյց կու տար Վարպետին զանազան
շրջաններու գործերը, կը վերլուծէր, կը մեկնաբանէր։
Այդ միջոցին ալ Վարպետը տեսնելու առիթներ կը
ստեղծէինք։

Հայ ժողովուրդի վաղնջական նահապետն էր Սարեանը,
որ մեր օրերուն կրկին յայտնուած էր, արուեստի
սիրոյ կրակը բորբոքելու համար մեր մէջ:

Առիթով մը Սովետ Միութեան ղեկավարներէն
Քոսիկինը եկած էր Երեւան։ Այցելած էր Սարեանին։ Իսկ