Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

սիրոյն մէջ կը գտնեմ միայն ամէն հաճոյք եւ վայելք...:

— Ձեր վշտերուն խորին ըլլալը կ՚զգամ, բայց կարծեմ նեղ օրերու մէջ գեղեցիկ գրքերն ալ լաւ ընկերներ են. միակ միջոց մը կետնքի մռայլները ցրուելու, վեհազնիւ հոգիներու հետ մտերմութիւն մը հաստատելու եւ այսպէս տխո՜ւր իրականութիւնը մոռնալով ոսկէանուրջներու մէջ ապրելո՜ւ...:

— Սիրելի, իր պակասը բան մը չի լրացներ. եթէ դուք ալ սիրող սրտի մը, մանաւանդ տառապեալ հոգիի մը անկեղծ սէրը վայելէք, ըսածիս ճշմարտութեան այն ատեն պիտի համոզուիք: Հիմակուհիմա երիտասարդ էք, դեռ կեանքը հաճոյքի գեղադիտակին մէջէն կը տեսնէք:

— Կեանքի խնդիրներուն մէջ ձեր փորձառութիւնը անկասկած մեծ արժէք ունի, ըսի, եւ խօսակցութեան նիւթը փոխելու համար աւելցուցի. եթէ կը ներէք՝ գրադարաննիդ անգամ մը աչքէ անցնեմ:

— Ամենայն հաճութեամբ, ըսաւ, եւ ոտքի ելլելով, զիս գրադարանը առաջնորդեց․ աւելի լաւ կարդացուելու համար ապակեայ փեղկերն ալ բացաւ:

Ես արդէն կանխաւ գրադարանը ամբողջ աչքէ անցուցեր էի. դիտաւորութիւնս չյայտնելու հետաքրքրութիւնս կեղծելու համար ամենէն անկարեւոր գրքերուն վրայ իսկ դիտողութիւն մը կ՚ընէի. երբ կարգը ձեռագիր Յիշատակարանին եկաւ, զարմանք կեղծելով հարցուցի.

— Ի՜նչ տարօրինակ վերնագիր, ձեռագիր վէ՞պ մըն է արդեօք...:

— Այո՛, վէպ մը, մեր կեանքէն վէպ մը... պատասխանեց, սրտի խորերէն հառաչ մը արձակելով:

— Ստուգիւ վէ՞պ մըն է... կը մտածէի. եթէ իրօք վէպ մըն էր ան, իմ հետաքրքրութիւնս աւելորդ