Էջ:Երեք գիրք մեկ կողքի տակ, Թորոս Թորանեան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բաղդատէին, թէ ի՜նչ օրեր անցուցած էին հայոց Մեծ Եղեռնի տա- րիներուն, երբ ընտանիքը կիսուած էր, երբ մեծ մայրս եւ քեռիս հասած էին Սուէզի ջրանցք ու մեծ հայրս Օսմանեան բանակը լքելով կը հասնի իր ծննդավայրը՝ ճիպին (այժմ՝ Սայլաք Գայա) ու իր Վարդուհի աղջիկը քիւրտի մը մօտէն առնելով՝ ուսած, գիշեր– ները քալելով եւ ցերեկները պահուըտելով կը հասնի Հալէպ։ 1918-ի զինադադարին, թուրքը պարտուած, Դաշնակից եր- կիրները յաղթական, կոչ կ՚ընեն մեր մնացորդացին վերադառնալ Երկիր ու կը խոստանան Կիլիկիան յանձնել հայութեան։ Մեծ մայրս ու քեռիս կը հասնին Հալէպ՝ դէպի Երկիր իրենց ճամբուն վրայ, ու հոս ընտանիքը կ՚ամբողջանայ։ Կը գտնեն զի- րար։ Այդ օրերուն, ճիպին ծնած մայրս հազիւ վեց տարեկան կ՚ըլլայ։ Մայրս հասակ կ՚առնէ Հալէպի մէջ եւ 14 տարեկանին կ՚ամուսնա- նայ Խաչեր որդի Թորոսի Թորանեանին հետ ու 18 տարեկանին կ՚այրիանայ, Երբ հոգածու պէտք էր ըլլար երկու որբուկներու։ Մեր հայրենակիցներէն ոմանք, որոնք ներկայ կ՚ըլլան մօրս պսակադրութեան, կը կրկնէին տխրօրէն, բայց խնդալով, որ Վարդուհին, տակաւին մանուկ, 14 տարեկանին, պսակադրու- թեան ժամանակ կը սկսի քնանալ... Մայրս ստիպուած պէտք էր աշխատէր։ Հապա ո՞վ տէր պիտի կանգնէր իր որբուկներուն։ Այդ տարիներուն (Երեսնական թուականներ) արգասաբեր կ՚ըլլան Հալէպի պիստակի ծառերը եւ արդիւնաւոր՝ պիստակի առեւտուրը։ Թոներով պիստակ կը վաճառուի տեղւոյն վրայ ու կ՚առաքուի Արեւմուտք։ Անհրաժեշտ կ՚ըլլայ բերանգոց պիստակներու շրթները բանալ պարզ գործիքով մը. մայրս կը լծուի այդ աշխատանքին՝ օրապա- հիկ մը ճարելու համար։ Միջոց մը խաներու անկիւններու մէջ կը կատարէ այդ գործը։ Որպէսզի աւելի արտադրանք տայ, քիլոներով տուն բերել կը սկսի ու տան մէջ կ՚աշխատի՝ առանց ժամավաճառութեան չըթ, չըթ, չըթ,կը բւսցուին պիստակներու շրթները՝ սրելով իմ ախոր- ժակս։ Եաւրիկ, կշիռքով առած Եմ ու կշռելով պիտի յանձնեմ... եթէ պակսի՝ գործէս ազատ կ՚արձակուիմ։ Ես ալ կ՚ուզեմ որ ուտես, բայց...,– յուզուած կ՚ըսէ մայրս։ - Մէկ հատիկ, մայրիկ, միայն մէկ հատիկ առնեմ։ - Ոչ, հոգեակս, ո՜չ, կը պակսի վերջը... 10