Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/318

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

համբուրեցի իր ձեոքը, իսկ ինք, զիս համբուրելով, գրպանէն ապակի մը հանեց ու ըսաւ ինծի– Տեսողութիւնս գրեթէ կորսնցուցած եմ, այս խոշրացոյցով ու մէկ աչքով կը հետեւիմ հայ մամուլին ու քու յօդուածներդ ալ կը կարդամ։

Կարդացի իր «Յուշեր»ը։ Զէք կրնար չյուզուիլ։

Այս օր, ո՞վ կը յիշէ Մելինէ Գովանճեանը, որ տունէ տուն կը շր2էր Պրիւքսէլի մէջ ու հայ մանուկներուն հայերէն գրել-կարդալ կը սորվեցնէր:

Պրիւքսէլա հայերը չեն մոռնար այս Մեծ Մայրիկը: 1984ի Մայիսին, երբ Պրիւքսէլի հայ տան մէջ կը գտնուէի, շատեր ուրախացան լսելով, թէ ես ալ անձնապէս ճանչցած էի այս համեստ, այլ նուիրեալ հոգին:

ԱՐԱՄ ԱԶՆԱԻՈԻՐԵԱՆը նշ անաւոր գրող մը չէ: Երկրէն փրթած հայ մըն է, որ ինկաւ Ամերիկա, թափառումներէ ետք հաստատուեցաւ Տիթրոյթ ու այդտեւղ ալ ծերացաւ։

Կապրի։ Հայ դիրի հետեւողներէն է։ Գրեց պատկերներ, հեքիաթներ, պատմուածքներ։ Ամերիկայի մէջ շնչող մասունք մըն էր երկիրը յիշեցնող։ Լայնածաւալ Ամերիկայի մէջ թաղար մը հող է հայրենի Արամ Ազնաւուրեանը։

Ւրեն ծանօթացայ թղթակցութեամբ։

Ու ահա օր մըն ալ, 1980թուականին, երբ գացածէի Տիթրոյթ, հաւաքոյթի մը ընթացքին մօտեցաւ ինծի իր ալեւոյթին մէջ տակաւին առոյգ մարդ մը ու ըսաւՄենք իրար կը ճանչնանք։ Ես իր նկարն ա նգամ չէի ունեցած, որ կարենայի կռահել խօսակիցիս ով ԸԱաԱչ։ Ազնաւուրեանն եմըսաւ։ Ողջագուրուեցանք։ Կարծես երկիրը սեղմածըըայի կուրծքիս։

Ամրողջ հոգիով Հայաստանին կապուած մարդ մը ահա, որ գրեց ու տպագրեց առանց գրողի յաւակնութիւն մը պտտցնելու իր հեւտ։

Նամակներով իրարու շատ ըսելիքներ ունէինք։ Այդ օթը իրարու հետ չկրցանք խօսիլ։ Այդ իր համեստութեան յայտարարն էր, այլ ոչ իմ։

Ազնաւուրեան, հոգի մարգ, պտղունց մը մայր հող, ինչո^ւ չխօսեցար մեր հանդիպումին օրը կրտսեր ընկերոջդ հետ։ Մէյ մըն ալ ե^րբ պիտի տեսնենք զիրար, չէոր...

Ոայց եկուր չխօսինք այդ մասին։ Ես քեղի նոր նամակներ պիտի հասցէագրեմ: Վստահ եմ կը պատասխանես։